Կրթական եւ հասարակական գործիչ Լուսին ԱպուլաՖեան իր մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ 20 Դեկտեմբեր 2022-ին, խոր սուգի մատնելով իր զաւակները, հարազատները, բարեկամներն ու աշակերտները։
Ան ծնած էր Հալէպ 1941-ին եւ շրջանաւարտ եղած Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն 1962-ին։ Եղած էր անդամ զանազան կառոյցներու եւ յատկապէս երկար տարիներու վարչական՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան, ինչպէս նաեւ Քիլիսի Հայրենակցական Միութեան Տիկնանց Յանձնախումբին անդամ։
1963-1964 կրթական տարեշրջանին կը նուիրուի ուսուցչական ասպարէզին եւ եօթը տարիներ շարունակ կը դասաւանդէ Հայ Աւետարանական Բեթէլ վարժարանէն ներս, նպաստելով նոր սերունդի զարգացման ու հայկական բարքերու պահպանման։ Ողջ կեանքը նուիրելով դպրոցին, 25 տարի անընդմիջաբար հայերէն կը դասաւանդէ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժինէն ներս, արժանանալով բոլորին սիրոյն, յարգանքին ու գնահատանքին։
Երբ այսօր հեռու ենք դպրոցական հեւքէն, կը մտածենք թէ ի՛նչ նուիրական աշխատանք կ’ենթադրէ 33 տարի շարունակ դասաւանդել եւ իր գործը կատարել մեծ սիրով։ Համեստ ու պարզ այս անձնաւորութիւնը խօսող եւ պատմող գիրք էր։ Ան ոչ միայն իր աշակերտներուն կը ծանօթացնէր մեր հեղինակները, այլեւ զանոնք կը դաստիարակէր գեղագիտական ճաշակով, սորվեցնելով Ճիշդ խօսիլ, ճիշդ  հնչել, ճիշդ գրել եւ ճիշդ արտասանել, իր գուրգուրանքին արժանի դարձնելով մեր լեզուն։
Ուսուցչութեան ճամբով մեծ աշխարհ մը բացած էր իր առջեւ։ Հակառակ յառաջացած  տարիքին, հաճոյքով վերստին կ’ընթերցէր ազգային եւ պատմական գիրքեր, որոնց շուրջ քննարկում կը կատարէր դիմատետրի էջով այն բարեկամներուն հետ, որոնց հետ երկար տարիներու մտերմութեան մէջ ապրած էր, բարի օրինակ հանդիսանալով իր մեղմ բնաւորութեամբ եւ անոյշ ժպիտով։
Սրտի ցաւ կը զգամ, որ կորսնցուցինք այս անձնաւորութիւնը։ Ան ուսուցչութեան ճամբով մեծ աշխարհ մը բացած էր իր աշակերտներուն առջեւ, որոնք միշտ պիտի յիշեն զինք, բազմաթիւ այլ ուսուցիչներու կարգին։ Այսօր մեզի համար մեծ տառապանք է տեսնել, որ յաջորդաբար մեր կեանքէն կը մեկնին հայ դպրոցին եւ հայ մշակոյթին ծառայող անձնաւորութիւններ՝ ամայացնելով հրապարակը։
Մեր հաւաքական կեանքէն ներս բարի նայուածքով եւ հեզահամբոյր այս անձնաւորութիւնը ոչ միայն եղաւ մտերիմ բարեկամ իր գործակիցներուն եւ ընկերներուն, այլեւ ամուսնանալով ՌաՖՖի Թնկրեանի հետ, ջերմ ընտանիք մը կազմեց եւ ունեցաւ երեք զաւակ՝ Թամար, Գօգօ եւ Շանթ։ Անձնական վկայութեամբ, իրենց ընտանիքը դարձաւ բազմերանգ յարաբերութիւններու բոյն մը, իր մէջ ունենալով նուիրեալ հայ մօր եւ հայ կնոջ տիպարը, որ գլուխը բարձր պահելով, համեստ ծառան դարձաւ իր զաւակներուն, անոնց կրթութիւնը դնելով ամուր հիմերու վրայ եւ զանոնք դարձնելով արժանիքներով հարուստ անհատներ մեր հաւաքական կեանքին մէջ։
Դժբախտաբար, անողոք հիւանդութեան պատճառաւ, ան օրէ օր տկարացաւ ու մահուան սեմին հասաւ շուրջ քառասուն օր առաջ։ Քառասուն օրերը կարծես ակնթարթի մը պէս անցան, սիրելի՛ Լուսին, երբ մահուանդ գուժով խոր վիշտի մատնեցիր մեզ։
Մեր յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ վերաբերմունքդ բոլորին հետ։ Այնքան հարազատ, այնքան պարզ ու քաղցր էին խօսքերդ, կը մասնակցէիր բարեսիրական ծրագիրներու գործադրութեան յատկապէս՝ հայրենակցական միութեան ճամբով։
Այսօր կը հաւատանք, որ յիշատակդ միշտ վառ պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ եւ կրթական վաստակդ երախտագիտութեամբ պիտի յիշուի պաշտօնակիցներուդ եւ աշակերտներուդ կողմէ։
Քառասունքիդ առիթով սրտի համեստ այս խօսքերը թող ծաղկեփունջ մը ըլլան գերեզմանիդ թարմ հողին նուիրուած եւ ընկերային յարաբերութիւններ ստեղծելու հոգիդ ոյժ հանդիսանայ մեր շրջապատին։
Լոյս՝ նուիրական հոգիիդ եւ յարգանք՝ յիշատակիդ։
Հռիփ Կանանեան