Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսի ընդունեց Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալի Մահմուտ Ապպասը, Թեհրան տուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։ Նախագահ Ռաիսի Իրանի զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ ժողովուրդին, յատկապէս վերականգնումի աշխատանքներուն գծով՝ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութեան ամրապնդման միջոցաւ։ Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Իրանի միջեւ կը պահպանուի կայուն յարաբերութիւն, որ ռազմավարական կը համարուի։

Իր կարգին նախարար Ապպաս յայտնեց, որ Սուրիա իր բարեկամ երկիրներուն եւ դաշնակիցներուն զօրակցութեամբ յաղթահարեց ահաբեկչական պատերազմը, աւելցնելով, որ սուրիական-իրանեան յարաբերութիւնը օր ըստ օրէ կը զարգանայ եւ առաւել նպատակասլաց կը դառնայ։