«Արմէնփրէս»._ Տարածաշրջանային այցելութեամբ յառաջիկայ օրերուն Հայաստան կը ժամանէ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Ապտուլ Ֆաթահ աս-Սիսին:

Տարածաշրջանային այցելութեան ընթացքին Եգիպտոսի նախագահը այժմ Հնդկաստան է, ան պիտի այցելէ նաև Ատրպէյճան:

Հայաստան այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է հանդիպում ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ: