Կորսնցուցինք Մասիս Արարատեանը. Հայ ժողովուրդին՝ հայրենի եւ Սփիւռքի հայութեան համար հաւասարապէս մեծ կորուստ է Մասիս Արարատեանի վերջին հրաժեշտը: Ու թէեւ ծերունազարդ բայց մի՛շտ երիտասարդ արուեստագէտին կեանքի մոմը մարեցաւ, սակայն անոր անմար յիշատակը պիտի շարունակէ լուսաւորել մեր մութ ու լոյս օրերը, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս ըրած էր իր իմացական կեանքի ողջ տեւողութեան, պիտի շարունակէ բաշխել իր երգիծանկարներէն տարածուող ժպիտը, որովհետեւ, իր իսկ բառերով՝ «Ժպիտը լոյս է»:
Մասիսին մահուան գոյժը անակնկալ էր եւ վստահ եմ անմիջական կսկիծ պատճառեց բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած են այս ազնիւ հայորդին, անձամբ կամ իր երգիծանկարներուն ճամբով: Եւ, ի՜նչ մեղքս պահեմ. ցաւի առաջին զգացումին յաջորդեց ժպիտ մը, որովհետեւ, կրկնեմ, ան աւելի քան 70 տարի ժպիտ բաշխած էր բոլորիս. եւ ինչո՞ւ կ’ուզէք, որ բաշխումը դադրի իր մեկնումով, չէ՞ որ ան թողած է վիթխարի վաստակ մը, հայկական թէ ոչ-հայկական թերթեր ծաղկեցուցած է իր երգիծանկարներով, այդ բոլորը իբրեւ ապրող եւ ժպիտ ծաղկեցնող աւանդ ձգած է մեզի…
* * *
Երգիծանկարիչ Մասիսը գլխագիր արուեստագէտ էր ամէն բանէ առաջ, այս հասկացութեան ամէնէն լայն իմաստով: Արուեստագէտ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ ըլլալ մտաւորական, իսկ երբ ընտրած է երգիծանքի կալուածը, ան պէտք է ըլլար,- եւ էր,- պատմագէտ, աշխարհագրագէտ, ազգագրագէտ, քաղաքական կեանքի թաւալումներուն քայլ առ քայլ հետեւող, մանաւանդ երբ ելեւէջները առնչութիւն ունէին մեր ժողովուրդի առօրեային, կենցաղային, մշակութային, պահանջատիրական եւ հակաթուրք պայքարի (ու բազում նմանօրինակ) գիծերուն հետ:
Ի վերուստ օժտուած էր արուեստագէտի տաղանդով, աննիւթական հարստութիւն մը՝ որ իր մէջ երեւան եկած է աշակերտութեան օրերուն, գտած է քաջալերողներ, ապա նաեւ մամուլի հիւրընկալ էջեր: Անոր վրձինն ու գրիչը դարձան անըսպառ աղբիւր, յաճախ օրը օրին արձանագրելու դէպքեր ու դէմքեր, որոնք այլապէս անմահացան իր գծանկարներուն շնորհիւ: Կը բաւէ արագ ակնարկ մը նետել իր գործերուն հաւաքածոները կազմող զոյգ հատորներուն («Ժպիտը լոյս է» խորագրեալ), որ պիտի տեսնէք, թէ քանի՜ քանի ականաւոր դէմքեր , ինչպիսի՜ պատմական դէպքեր, իրադարձութիւններ կը վերապրին հոն: Դէմքեր, հանճարեղ ու վաստակաշատ հայորդիներ, որոնք իրենց օրերուն հռչակ ու վարկ ունէին, բոլորին ծանօթ էր Մասիսը, իսկ երբ կ’ըսենք «ծանօթ էր», ի մտի չունինք մակերեսային-ընկերական ծանօթութեամբ, այլ ծանօթ էր անոնց վարկին, վաստակին, բնաւորութեան գիծերուն, որոնք ցոլացուցած է իր գծանկարներուն մէջ: (Տեղին է արձանագրել նաեւ, որ Մասիսին արուեստը դրսեւորում ունեցած է զուգահեռ դաշտերու՝ քանդակի ու մկրատով թուղթը դիմանկարային ու այլ պատկերներով ձեւաւորելու վարպետութեան մէջ, սակայն երգիծանկարչութիւնը մնաց տիրականը):
* * *
Վաւերական արուեստագէտները անոնք են, որոնք կը ստեղծեն իրենց իւրայատուկ գիծը, գոյներն ու երաժշտութիւնը. կրնաս գործի մը հեղինակը ճանչնալ՝ առանց անպայման ստորագրութիւնը տեսնելու: Երգիծանկարիչ Մասիսը այդ փաղանգին կը պատկանի, որովհետեւ ո՛ւր որ ալ տեսնէք անոր հեղինակած մէկ գծանկարը, գիծերու տեսքէն իսկ դատելով՝անվարան կ’ըսէք. «Ասիկա Մասիսին գրիչէն ելած է», այսինքն՝ տարբեր է այլ արուեստագէտներու ԳԻԾերէն: Բովանդակութիւնը, այսինքն՝ գծանկարին նիւթն ալ նման հետեւութիւն թելադրող՝ «երկուորեակ»-ն է: Եւ այդ իւրայատուկ ԳԻԾն է, որ Մասիսը կը դասէ մեր մեծ երգիծանկարիչներուն շարքին: Ան Ալեքսանդր Սարուխանի եւ Տիրան Աճէմեանի հետ արդարօրէն կազմեց սփիւռքեան երգիծանկարչութեան երրորդութիւնը, եւ ինչպէս միւս երկու մեծերը՝ արարեց իր ԴՊՐՈՑԸ: Ան լաւ գիտէր, թէ նորագոյն մէկ դրօշակիրն է հայ երգիծանկարչութեան, որուն պատմութիւնը ծանօթ էր իրեն:
Մասիս Արարատեանը նաեւ երգիծաբան փիլիսոփայ մարդ էր: Մանրամասնենք: Երգիծաբանը գործ ունի ԲԱՆ հասկացութեան, այսինքն՝ գիծէն անդին գացող խօսքին հետ: Անկախ այն իրողութենէն, որ իր գործերը ընդհանրապէս միայն քանի մը բառով (յաճախ նաեւ առանց բառերու) բացատրուած են, եղաւ ժամանակ մը, երբ ան իր գրիչը լծեց երգիծական էջեր ստեղծելու: Ընտրած էր իւրայատուկ ձեւ մը. զրոյցներ կ’արձանագրէր անդի-աշխարհցիներու հետ, կամ անոնց մասին, «Նամակներ անդի աշխարհէն» ընդհանուր խորագիրին տակ, համով սիւնակներ՝ որոնք իր երգիծանկարներուն պէս երեւոյթներ լուսարձակի տակ կը բերէին, տագնապներու արձագանգ կ’ըլլային, նուրբ ձաղկում կ’ընէին եւ լայն ժպիտ կը բաշխէին…
Անոնք, որ վայելած են Մասիսին մտերմութիւնը, լաւ գիտեն, թէ ան ինչպիսի՜ փիլիսոփայական աչքով կը դիտէր կեանքը, դէպքերն ու մինչեւ իսկ… սեփական կեանքի վերիվայրումները: Յուշ մը հաւանաբար լաւագոյն հայելին պիտի ըլլայ կեանքն ու անոր կարգ մը դառնութիւնները ժպիտով դիմակալելու անոր հոգեկան արիութեան:
Տարիներ առաջ, ունեցած էր առողջական անակնկալ տատանում մը. պատահած էր այն պահուն՝ երբ ինքնաշարժ կը վարէր: Բարեբախտաբար խուսափած էր արկածէ, անյապաղ դիմած էր բժշկական խնամքի, հետեւանքներն ալ եղան աննկատելի: Քանի մը օր ետք, իմացեր էի թէ առողջական հարց մը ունեցած էր, հեռաձայնեցի, բարի ապաքինում մաղթելու համար: Եղածը նկարագրեց այնպիսի զուարթախոհութեամբ եւ թեթեւի առնելու տրամաբանութեամբ մը, որ կարծէք թէ կը խօսէր տարբեր անձի մը մասին, որ պատահմամբ մատը ծակած է ասեղով մը…: Խնդաց, խնդացուց (ինչպէս միշտ), յետոյ եզրակացուց, որ «ասանկ բաներ պատահական են կեանքի մէջ», ինք նման բաներու դիմաց կանգ առնողներէն չէ, «ականջ չի կախեր»: Այդպէս ալ ըրաւ: Յաղթահարեց անպատեհութիւնները, վերականգնեցաւ, պահեց մարմնական ու մտքի աշխուժութիւնը, պայծառութիւնը: 90 եւ աւելի տարիներու բոլոր օրերը պահպանեց իսկական երիտասարդի աշխուժութիւնն ու արթնամտութիւնը, իսկ ամէն բանէ աւելի՝ զուարթախոհութիւնը:
* * *
Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ եւ Միացեալ Նահանգներ՝ Մասիսը հռչակ ունեցաւ իբրեւ երգիծանկարիչ, սակայն անոր արուեստը նուաճեց մամուլի էջերէն անդին հասնող այլ բնագաւառներ եւս: Եթէ անոր հատորները ըստ բաւականին մէկտեղած են մամուլի էջերուն երեւցած իր գործերը, հաւանաբար ինք ալ պիտի չյիշէր, թէ անկէ անդին, քանի՜ քանի գիրք ձեւաւորած, նկարազարդած եւ հարստացուցած էր իր արուեստի արգասիքներով: Ու եղաւ, որ իր կեանքի մէկ հանգրուանին, «յոբելենական» շրջապտոյտ մը կատարեց դէպի իր ծննդավայրը՝ Հալէպ, իր վառ ծաղկումի առաջին քաղաքը՝ Պէյրութ, եղաւ նաեւ հայրենիքին հիւրը, եւ Լոս Անճելըս վերադարձաւ անչափելի ուրախութեամբ: Պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ հանդիպած էր մանկութեան օրերու ծանօթներու, որոնց մօտ գտած էր «մոռցուած» գծանկարներ: Աւելի ուշ, երբ առիթով մը Հալէպի մէջ 50-ականներուն հրատարակուած մանկապատանեկան թերթի մը հաւաքածոն աչքէ կ’անցընէի, հոն տեսայ արձանագրութիւն մը, որ կը հաստատէր, թէ Մասիս Արարատեան մասնակից եղած է կարգ մը պատմութիւններու նկարազարդումին: Հեռաձայնեցի, յայտնելու իրեն՝ որ այդ գծանկարներուն ճամբով զինք ճանչցած եմ զինք անձամբ ճանչնալէ շա՜տ առաջ: «Օ՜, կը յիշեմ, որ անանկ բաներ ալ ըրած եմ», պատասխանեց համեստութիւն բուրող ծիծաղով մը:
Եւ որքա՜ն խայտաբղէտ է Մասիսի յօրինած երգիծանկարներուն համայնապատկերը: Կարելի է բազմաթիւ «դասակարգումներու» տակ տեղաւորել անոր գործերը: Երբ պէտք է՝ սուր քննադատութիւններով կը նետահարէ երեւոյթ մը կամ պախարակելի տիպար մը: Ուրիշ առիթով, պահապանն է մեր մշակոյթին, հերոսամարտերուն ու զանոնք կերտողներուն, կը պանծացնէ պատմութիւն ու մշակոյթ կերտողներ: Մեծն Մաշտոցը, Կարմիր Վարդանը, հայ արի-սկաուտն ու գայլիկը անոր գիծերուն ճամբով կը ներկայանան իբրեւ պաշտելի եւ գուրգուրանքի արժանի, հպարտութիւն առթող տիպարներ, որոնք չեն սահմանափակուած որոշ ժամանակի մէջ, ինչպէս որ իր գործերը չեն սահմանափակուած ու պիտի չսահմանափակուին իր կեանքի ժամանակին մէջ:
Կարելի է հազար ու մէկ էջ արձանագրել Մասիս Արարատեան արուեստագէտին մասին, ազնիւ ու հայրենասէր հայուն, ԹՈՒՐՔԸ իբրեւ ցեղասպան ճանչցած եւ անոր նկատմամբ աններող պահանջատէրին մասին, պահանջատիրութիւն մը՝ որ իրեն ժառանգ մնացած էր իր հօրմէն: Հպարտութեամբ կը յիշէր, թէ ան իր «մասնակցութիւնը բերած է» Այնթապի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն, 1920-ին, Կիլիկիոյ վերջնական պարպումը կանխող, վերապրած հայութեան բեկորներուն երկրորդ փրկութեան սխրանքին: Իսկ այդ «մասնակցութիւն բերած է»ն շա՛տ աւելին էր եղած, որովհետեւ հայրը եղած էր պաշտպանական ուժերու զինուորական պատասխանատուներէն՝ վարիչներէն մէկը:
Քիչ առաջ ակնարկութիւն ըրինք, որ Մասիսին երգիծանքը նուրբ է ու ազնիւ: Ան արժանաւոր հետեւորդ է եղած Յակոբ Պարոնեանի այն սկզբունքին, որ նախընտրելի է խնդալով-խնդացնելով դաստիարակել, քան թէ գանակով, ծեծով ու բրտութեամբ: Եթէ արագօրէն թերթատէք անոր հաւաքածոն, պիտի նկատէք, որ կարմիր թելի պէս բան մը կ’անցնի բոլորին մէջէն: Երգիծանքը կը մնայ կսմիթներու, սահմաններուն մէջ, երբեմն կան խայթոցներ, սակայն երբեք չի վիրաւորեր իր «որսը», անոր համար ալ, մարդիկ ուրախ եւ հպարտ եղած են, որ արժանացած են… Մասիսին թիրախ դառնալու պատիւին: Այս սկզբունքը, սակայն, ի զօրու չէ այն գործերուն մէջ, ուր խնդրոյ առարկայ է ոճրածին Թուրքը: Մասիսը անխնայ էր ու մնաց Թուրքին հանդէպ: Իր ստեղծած ԹՈՒՐՔԻ ՏԻՊԱՐը միշտ ալ ատելութիւն արթնցնող եղած է, մէկ ձեռքին՝ արիւնոտ եաթաղանը, դէմքին՝ կիսավայրենի, նախամարդը յիշեցնող գիծեր, յարատեւ արձագանգ մը՝ Յովհաննէս Թումանեանի այն բնորոշումին, որ թուրքին համար հազար տարի բաւարար չեղաւ հեռանալու անբան ու վայրագ անասունի վիճակէն, ու դեռ երկա՜ր ճամբայ ունի հասնելու Մարդուն:
* * *
Վիթխարի վաստակով, ազնիւ հոգիով եւ իր սրտին ու բազկերակին զարկերը հայութեան եւ մարդկութեան լաւին ու տագնապներուն հաղորդ պահող տիտան մը կորսնցուցինք: Պետրոս Դուրեան բոլորովին այլ տրամադրութեամբ եւ հոգեվիճակով արձանագրած է «աստղ մըն ալ ես կ’երթամ յաւելուլ յերկնից» բառերը: Կրնանք նոյն բառերը այլ հոգեվիճակով արձանագրել հիմա՝ երբ հրաժեշտ կու տանք Մասիսին, որովհետեւ վստահ ենք, որ անոր կեանքին ընթացքը լուսաւորած աստղը չի կրնար մարիլ, այլ մեր բոլոր անմահներուն պէս նոր լոյս պիտի աւելցնէ հայութեան երկնակամարին վրայ:
Եւ թող այս տողերն ալ փունջ մը ժպիտ ըլլան իր անմար յիշատակին:
Ս. Մահսերէճեան