«Հայաստան» հիմնադրամի կողմէն Արցախին հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրին միջոցաւ նուիրաբերած 100 թոն պարենային մթերքը այս պահուն կը գտնուի Գորիս քաղաք, եւ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբու արգելափակման պատճառով կարելի չէ անիկա հասցնել Արցախ:

Ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ բանակցութիւններ կը տարուին ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին մէջ մարդկային բեռը Արցախի Հանրապետութիւն հասցնելու ուղղութեամբ:

Բեռը տեղափոխելու կարելիութեան պարագային, անիկա պիտի ահեստաւորուի Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման նախարարութեան կողմէն եւ անվճար պիտի բաշխուի ընկերայինօրէն խոցելի խումբերուն՝ ըստ նախարարութեան ցուցակներուն։

Նշուած իրավիճակով անթոյլատրելի կը համարենք այս նիւթին շուրջ համացանցով եւ բնակչութեան շրջանին մէջ
բազմապիսի տեղեկութիւններու տարածումը, որոնք հանրութիւնը բացայայտ մոլորեցնելու նպատակ կը հետապնդեն։