Բոլորիս կեանքը լեցուն է լաւ եւ վատ օրերով, գէշ եւ ուրախ տրամադրութիւններով։ Երբեմն կացութիւններ փոխելու համար կ’ըսենք. «երանի կախարդական գաւազան ունենայի»։
Շատեր կ’ուզեն այդ կախարդական գաւազանով իրենց հիւանդ մայրը առողջացնել, փոքրիկներ իրենց սիրած խաղալիքը կ’ուզեն անմիջապէս ունենալ, իսկ աղքատը կ’ուզէ կախարդական գաւազանով հարստանալ։
Եթէ կախարդական գաւազան մը ունենայի, խաղաղութիւն կը բաշխէի բոլոր աշխարհին, առողջութիւն՝ հիւանդներուն եւ ազատութիւն՝ բանտարկեալներուն, կ’ուզէի յատկապէս կախարդական գաւազանով մը հայրենիք ճամբորդութիւնս իրականացնել, մայրենի հողերս վերադարձնել։
Աւելին. Արցախի այն ընտանիքները, որոնց հայրերը, եղբայրները եւ որդիները պատերազմի գացած են, իրենց տուները վերադարձնել։ Բերձորի միջանցքը բաց յայտարարել վերջապէս, որ փոքրերը միանան իրենց հարազատներուն ու հանգիստ ապրին։
Մարդոց իրականացնելիք բաները կախարդական գաւազանո՞վ պիտի ցանկանք իրականացած տեսնել։ Ափսո՜ս մարդկութիւն…։
Սէրլի Մկրտիչեան