«Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սեյրան Օհանեան ուղերձ յղած է Բանակի օրուան առիթով:
«Շնորհաւո՛ր տօնդ, հայկակա՛ն բանակ։
Յաւերժ խոնարհումս այն սերունդերուն, որոնք Արցախեան առաջին հերոսամարտէն մինչեւ այսօր իրենց մաքառումի, առողջութեան, կեանքի գնով կռած են փառահեղ յաղթանակներդ:
Անոն փա՛ռք ու պատիւ:
2020-ի պարտութիւնը դաւադիր էր, քեզ հարուածեցին նաեւ թիկունքէն, բայց միանշանակ է անիկա, որ յառաջիկային յաղթանակներ տակաւին պիտի ըլլան։
Ես վստահ եմ՝ հայկական բանակը ամենաառաջինն է ուղղելու իր վիրաւոր մէջքը եւ ամուր պիտի կանգնի սեփական հողին, սահմանին վրայ:
Հայկական բանակը պիտի վերականգնէ իր երբեմնի ուժն ու հեղինակութիւնը եւ կրկին անվտանգութեան երաշխաւոր, պաշտպան պիտի դառնայ վիրաւոր Արցախին, Հայաստանին համար, բայց ատիկա միայն Բանակին հարցը չէ, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրին, ողջ ժողովուրդին:
Բանակը պաշտպանած է մեզ եւ ծանրագոյն պայմաններուն մէջ այսօր ալ մեր պաշտպանն է:
Ամուր թիկունք, վահան դառնանք անոր համար», ըսուած է ուղերձին մէջ: