Թէեւ շատ անգամ ժլատ եղած ենք մեր գնահատումներուն մէջ, սակայն չենք մոռնար մեր կեանքը հարստացնող երեւոյթները, նախաձեռնութիւնները եւ նուիրեալները, որոնք որոշակի եւ իւրայատուկ աշխատելաոճով ու տեսլականով վարակիչ օրինակ հանդիսացած են մեր ընկերութեան:
Իրերայաջորդ սերունդներուն կենսունակութիւն ջամբող տիպարն էր ընկհ. Արփի Սապունճեան, որուն միութենական կեանքի վաստակը սուրիահայութեան պատմութեան մէջ ձգած է երկար տարիներու ծառայութեան հարուստ ժառանգ մը:
Ծնած է Հալէպ, 1936-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս, իսկ երկրորդական ուսումը` Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն ու դարձած անոր գիտական բաժնի Գ. Հունձքի շրջանաւարտներէն 1954-1955 կրթական տարեշրջանին, տնօրէնութեամբ պրն. Մինաս Թէօլէլեանի: Ամավերջի հանդէսին արտասանած է շրջանաւարտներու ուղերձը եւ վկայուած Գերշ. Տ. Զարեհ Ս. Եպս. Փայասեանի ձեռամբ, որ Սրբազան Հօր վկայականի վերջին տուուչութիւնը կ՛ըլլայ Հալէպի մէջ:
1956-ին կ՛անդամակցի սուրիահայ Օգնութեան Խաչին:
Յաջորդ տարի կը մեկնի Լիբանան եւ երկու տարի կը հետեւի մանկավարժութեան դասընթացքներու Ecole Superieu՛re Des Lettres-ի մէջ:
Շրջան մը Պէյրութի ճեմարանի Համազգայինի Մանկապարտէզէն ներս փորձառութիւն ձգելէ վերջ Տիկ. Մալիքեանի օրով, կը վերադառնայ Հալէպ եւ անմիջապէս կը ստանձնէ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի Մանկապարտիզպանուհիի պաշտօնը մինչեւ 2009:
1960-ական թուականներուն Սուրիոյ քաղաքական դէպքերու պատճառաւ, միութենական գործունէութիւնները որոշ չափով կը կասեցուին Հալէպի մէջ, սակայն կը շարունակուին անյետաձգելի աշխատանքները:
1962-ին, ընդառաջելով Սուրիական պետութեան հրահանգին, ՍՕ Խաչը կ՛ունենայ ընտրովի պետական վարչութիւն մը համառատու` ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի գրասենեակի տնօրէնութեան: Յաջորդական վարչութիւնները կը շարունակեն իրենց թելադրուած պարտականութիւնները մինչեւ 1965, երբ ՍՕ Խաչի Անդամական Ընդհ. ժողովին կողմէ կ՛ընտրուի Պետական նոր վարչութիւն մը, որուն մաս կը կազմէ ընկհ. Արփի Արսլանեան Սապունճեան:
1965-ին երբ քաղաքական պայմանները աւելի ձեռնտու կ՛ըլլան, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը կ՛որոշէ Պետական եւ Շրջանային վարչութեան կազմերը համատեղել, զանոնք ընտրելով պետական ընդհ. ժողովին կողմէ: Այսպիսով, ընկհ. Արփի Սապունճեան նոր կազմէն ներս կը ստանձնէ փոխ ատենապետի պաշտօնը ժողովականներ ունենալով.
– Ընկ. Վազգէն Սէլեան ատենապետ
– Ընկհ. Արփի Սապունճեան փոխ ատենապետ
– Ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեան ատենադպիր
– Ընկհ. Հելէն Սապունճեան հաշուապահ
– Ընկ. Սարգիս Չոլոյեան գանձապահ
Հետագային յիշեալ կազմը կը համալրուի եւ վարչական կ՛ըլլան հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիները մինչեւ 1982.
– Ընկհ. Զապէլ Յակոբեան
– Ընկ. Կարպիս Դերձակեան
– Ընկհ. Սեդա Հալլաճեան
– Ընկհ. Շուշիկ Ստեփանեան
– Ընկհ. Ալիս Գաթրճեան
– Ընկհ. Աստղիկ Իւլիւպէյեան
1977-ին ընկհ. Արփի առաջին անգամ ըլլալով կը վարէ ՍՕ Խաչի տենապետի պաշտօնը:
1982-ին երբ Սուրիոյ քաղաքական պայմանները աւելի ձեռնտու կ՛ըլլան, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը ՀՕՄ-ի համագաղութային կառոյցը պահպանելու եւ անոր տրամադրութիւնները իրագործելու առաջադրանքով կը կազմակերպէ խորհրդաժողով մը, ուր կ՛որոշուի գումարել ՍՕ Խաչի 18-րդ Պատգամաւորական Ժողովը 21 Յուլիս 1983-ին, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ` ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ` ընկհ. Ալին Փափազեանի:
Ծանօթ.- 17-րդ ժողովը գումարուած էր 1962-ին:
Յիշեալ ժողովին կ՛ընտրուի ինը ընկերուհիներէ բաղկացած կազմ մը ատենապետութեամբ ընկհ. Արփի Սապունճեանի:
Պատմական այդ ժամանակաշրջանէն սկսեալ հերթականօրէն կը շարունակուին ՍՕ Խաչի Պատգամաւորական ժողովները երկու տարին անգամ մը: Այսպիսով 1983-1989 (երեք շրջան) ընկերուհին կը վարէ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:
1983-ին առաջին անգամ ըլլալով ՍՕ Խաչը կը մասնակցի ՀՕՄ-ի համահայկական 61-րդ պատգամաւորական ժողովին, Փարիզ, հետեւեալ ընկերուհիներով.
– Ընկհ. Արփի Սապունճեան
– Ընկհ. Ալիս Գաթրճեան
– Ընկհ. Սիրվարդ Կարպուշեան
1986-ին, ՀՕՄ-ի Համահայկական 62-րդ Պատգամաւորական ժողովին, ընկերուհին դարձեալ կը ներկայացնէ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը այս անգամ Ամերիկայի մէջ:
1988-ին, ՍՕ Խաչի Մայրերու Օրուան տօնակատարութեան ընթացքին ընկհ. Արփի Սապունճեան կը պարգեւատրուի Միութեանս «Կանթեղ» շքանշանով:
1992-ին, կը մասնակցի ՀՕՄ-ի Համահայկական 64-րդ Պատգամաւորական ժողովին, Երեւան, դարձեալ ներկայացնելով ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը:
1995-ին, ՀՕՄ-ի Համահայկական 65-րդ Պատգամաւորական ժողովին, Լոս Անճելոս, առաջին անգամ ըլլալով Սուրիան կ՛ունենայ իր ներկայացուցիչը ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան մէջ եւ իր բացակայութեան ընկհ. Արփի Սապունճեան կ՛ընտրուի ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ:
1996-ին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովուապետական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, ՍՕ Խաչի հինգ վաստակաշատ ընկերուհիներ կը պարգեւատրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով.
– Ընկհ. Գոհարիկ Համալեան
– Ընկհ. Արփի Սապունճեան
– Ընկհ. Ալիս Գաթրճեան
– Ընկհ. Անահիտ Խուպիարեան
– Ընկհ. Ֆիմի Տէր Յակոբեան
1998-ին ընկհ. Արփին կը մասնակցի ՀՕՄ-ի Համահայկական 66-րդ Պատգամաւորական ժողովին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, որպէս ՀՕմ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ:
2001-ին, ՀՕՄ-ի Համահայկական 67-րդ Պատգամաւորական ժողովին, Աթէնքի մէջ, կրկին որպէս ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ:
2004-ին, կը մասնկացի Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողովին Լիբանանի մէջ: Նոյն տարին մաս կը կազմէ ՀՕՄ-ի Միջին Արեւելքի Խորհրդաժողովին:
2005-ին կը մասնակցի ՀՕՄ-ի 100-ամեակի Հիմնադրամի հիմնադիր ժողովին, Կիպրոսի մէջ Նիկոսիա, եւ ՀՕՄ-ի 68-րդ Պատգամաւորական Ժողովին քուէարկուած բանաձեւի հիման վրայ, ընկերուհին կը գլխաւորէ ՍՕ Խաչի դրամահաւաքի յանձնախումբը:
2008-ին, կը մասնակցի ՀՕՄ-ի Համահայկական 69-րդ Պատգամաւորական Ժողովին Երեւանի մէջ, որպէս հրաւիրեալ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան կողմէ:
2010-ին, ՍՕ Խաչի Հիմնադրութեան 90-ամեակին առթիւ կ՛արժանանայ ՀՕՄ-ի 50 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան գնահատագրին, որպէս անձնուրաց խաչուհի:
2011-ին, կը պարգեւատրուի Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբի «Մայրական Երախտագիտութեան» մետալով առ ի գնահատանք Արցախի մէջ կատարած իր ծառայութիւններուն:
Տեղին է նշել, թէ վերոյիշեալներու կողքին ընկերուհիին հիմնական գործունէութիւնը ցոլացած է, երբ 1983-ին որոշում կայացած է կառուցել ՍՕ Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնի շէնքը Հալէպի մէջ: Որոշումը զինք դրած է հսկայ պատասխանատուութեան առջեւ, որպէս ատենապետուհիի, գործակից ունենալով իր ժողովական ընկերուհիները եւ համայնքի բարերարները, որոնց զոհողութեան, տոկունութեան եւ անձնուիրութեան արգասիքն է ընկերաբժշկական մեր կեդրոնը:
Այսօր, ՍՕ Խաչի այս կառոյցը իր գործող կեդրոնով, տարածուն գործունէութեամբ, մասնաճիւղերու համակարգով եւ անդամուհիներու նուիրումի պատուաբեր վաստակով, պերճախօս վկան է Օգնութեան Խաչին, որուն մեծագոյն օրինակն էր ընկհ. Արփի Սապունճեան, իր ընդունակութիւններով, միութենականի գիտակցութեամբ եւ ծառայութեան հմտութեամբ, դառնալով եզակի անձնաւորութիւն մը, որ վայելեց խաչուհիներուն եւ համայնքին յարգանքը, որպէս մանկավարժ, ազգային գործիչ, միութենական եւ ընտանիքի մայր:
2012-ին ընկերուհին մեկնեցաւ Սուրիայէն նախ Լիբանան, ապա Գանատա, ուր 11 Յունուար 2023-ին կնքեց իր մահկանացուն:
Հռիփ Կանանեան