Վարդան Մարաշլեանը երիտասարդ տնտեսագէտ է։ Ծնած է Երեւան, ուսանած է Մոսկուայի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքին մէջ եւ ստացած է դոկտորական վկայական։ Ան ներկայիս «Վերադարձ Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն է։ Թէեւ կը մտածէ, կը ծրագրէ ու կ’աշխատի հայրենադարձութեան տեսլականով, բայց միեւնոյն ժամանակ գիտէ Սփիւռքը եւ լաւ ճանչցած է զայն։ Հասկցած է Սփիւռքը ու կ’արժեւորէ անոր կարողականութիւնները։ Վարդան տեսած է Սփիւռքի մտաւոր եւ մասնագիտական ներուժը, կը գիտակցի անոր եւ կ’արժեւորէ զայն։ Այս բոլորը իմանալով ան հաստատեց թէ. «Սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է»։ Ըստ բացատրական բառարանի, «դաշնակից» եզրոյթը կը բացատրուի որպէս «զինակից», «կողմնակից», «դաշինքով մէկու մը հետ կապուած», «ուխտակից», «համախոհ» եւ «համերաշխ»։
Վարդան լաւ տեսած եւ սորված է տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակը՝ յատկապէս ներկայ օրերու բարդ ու կնճռոտ կացութիւնները։ Ան կը տեսնէ Հայաստանի դիրքը տարածաշրջանի եւ միջազգային իրադարձութիւններու եւ անոնց քաշքշուքներուն մէջ եւ այս իրավիճակներէն մեկնելով հաստատ է իր համոզմունքներուն մէջ։ Բայց քիչ մըն ալ աւելին. «Սփիւռքը Հայաստանի միակ դաշնակիցն է: Դաշնակից հասկացութիւնը երկուստեք եւ փոխադարձ հասկացողութեան եւ փոխ ըմբռնումի վրայ պէտք է կայանայ», կ’ըսէ ան։
Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները ունին պատմական ենթահող։
Պատանեկան տարիներուս, սովետական համակարգի ժամանակ, կը գործէր «սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերի կոմիտէն», որ մշակութային, գրական, կրթական եւ գեղարուեստական հսկայական առաքելութիւն կը տածէր։ Հայաստանի անկախութենէն ետք, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները շարունակուեցան Ափիւռքի Նախարարութեան միջոցով։ Նախարարութիւնը ունեցաւ լաւ գործունէութիւն եւ Հայաստանն ու Սփիւռքը սկսան զիրար աւելի լաւ ճանչնալ։ Ներկայիս նախարարութիւնը ստացած է յանձնակատարի կարգավիճակ եւ կայ աշխատանքը եւ երեւի որոնումը, թէ ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պիտակի տակ պիտի դնել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, ինչպէ՞ս ա՛լ աւելի լաւ պիտի ճանչնալ զիրար:
Կ’ապրինք տարբեր կեանքերով, ունինք կենցաղային, մտածողութեան, գործելակերպի եւ ապրելակերպի տարբերութիւններ։ Սփիւռքը ունի իր բարդութիւնները։ Բարդ է իր կազմուածքով եւ մշակութային տարբերութիւններով։ Սփիւռքի մէջ հայ ենք, իւրաքանչիւրս տարբեր է միւսէն, բայց օտար չենք։ Իւրաքանչիւրս մէկ երկրի մը մէջ ծնած եւ մեծցած է, եւ այս ալ մեր պատմութեան եւ անոր բերած աղէտներուն հետեւանքն է։ Բայց այս բոլորին առընթեր կայ միացնող օղակը։ Սփիւռքը սփիւռքին, Հայաստանի հետ եւ Արցախի հետ։ Հակառակն ալ ճիշդ է։
Ի՞նչ է այս միացնող օղակը:
Ծնած եւ մեծցած եմ հայրենասէր ու հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ։ Պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուս, Հայաստան սովետական համակարգի մէջ էր։ Ընտանիքիս համար Հայաստան հայրենիք էր եւ վեր էր գոյնէ, կարգավիճակէ եւ ղեկավարութենէ։ Հայրենիքը եւ անոր մշակութային արժէքները մեր ինքնութիւնը կազմեցին, երբ յատկապէս Հայաստանէն արուեստագէտներ կու գային Պէյրութ եւ կը հմայէին մեզ իրենց ելոյթներով։ Ու տակաւին ի՛նչ խօսք հայրենի «Արարատ» ֆութպոլի խումբին եւ անոր հերոս տղոց մասին։ Անոնք դարձան մեր ազգային ինքնութիւնը կերտող տիպարներ։ Այս բոլորը աւելիով ամրապնդուեցան երբ 1980-ին առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Հայաստան։ Զբօսաշրջիկ էի եւ միայն այդքան։ Երբ կը մեծնայի, բոլոր սորվածներս սկսան ամրագրուիլ մէջս։ Միայն այդքան։ Պէտք էր սպասէի մինչեւ 1991 տարին, որպէսզի սորվէի ինչպէս կամրջեմ ինքնութիւնս Հայաստանի քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ։
1991-ին, երբ սովետական համակարգը փուլ եկաւ, բոլոր այն երկիրները, որոնք կը գտնուէին անոր մէջ, ներառեալ Հայաստան, ստացան իրենց անկախութիւնը։ Անկախութեան հետ սկսաւ արտասահմանեան արժէքներու եւ անոնց հմայքին հոսքը դէպի այս երկիրները։ Միացեալ Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու կողմէ ղրկուեցայ որպէս խորհրդատու, հաստատելու Հայաստանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան գրասենեակը:
Ճիշդ է, որ հայ էինք եւ հայերէն կը խօսէինք, բայց զիրար չէինք հասկնար։ Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հարցը չէր միայն։ Կային մտածողութեան, կենցաղի ու աշխատանքային ոճի տարբերութիւններ։ Անհրաժեշտ էր, որ գիտակցէի այս բոլոր տարբերութիւններուն, եթէ պիտի յարմարէի եւ աշխատանքը յաջողէր։
Ու տակաւին այդ տարիները Հայաստանի համար շատ դժուար օրեր էին։ Երկրաշարժ, պատերազմ, շրջափակում եւ ելեկտրականութեան, հացի եւ քարիւղի տագնապ։ Կարիքը կար համբերելու, զիջելու եւ կամաց-կամաց ժամանակին առիթը տալու, որպէսզի հասկցուէինք իրարու հետ։ Ժամանակը իր ներդրումը ունեցաւ։ Ժամանակի ընթացքին տեսայ եւ միասին տեսանք մեր տարբերութիւնները, ապրեցայ եւ միասին ապրեցանք մեր դժուարութիւնները եւ սորվեցայ ու միասին սորվեցանք, թէ բոլորս հայ ենք՝ անկախ մեր տարբերութիւններէն եւ պայմաններէն։ «Դաշնակից» բառը սկսաւ իր բոյնը շինել իմ եւ գործընկերներուս մէջ։
Կեանքի փորձը ցոյց տուած է, թէ Հայաստան լաւ ճանչնալու եւ ըմբոշխնելու համար պէտք է հանրային ինքնաշարժներու եւ անոնց վարիչներուն հետ զրուցես։
Արմէնը միջին տարիքի վարորդ մըն էր, որ զիս պիտի տանէր Արշակունեայց փողոցէն մինչեւ Բաղրամեան։ Նշմարեցի, թէ անոր ատամները փշրուած են։ Չեմ գիտեր ինչպէս եւ առանց ամչնալու իրեն հարց տուի, թէ ի՛նչ պատահած է իր ատամներուն։ Արմէնին պատմութի՞ւնը…։
«Սովետական բանակին հետ կռուած եմ Աֆղանիստանի մէջ», ըսաւ Արմէն։ «Ատկէ ետք, 90-ական տարիներուն, արցախեան պատերազմներուն մասնակցած եմ»։
Հոս սկսայ նշմարել Արմէնին դէմքին վրայ գծուած հպարտութիւնը։ «Արցախի պատերազմին հարուած ստացայ եւ ակռաներս փշրուեցան», ըսաւ Արմէն։
«Դուն ալ իրենց հատ մը չխփեցի՞ր», հարցուցի Արմէնին, քիչ մը ծիծաղով եւ կատակի մթնոլորտի մէջ։
«Պա՜, ՞ոնց», եղաւ Արմէնին կտրուկ եւ վստահ պատասխանը։
Արմէնը ունէր թիկնեղ եւ ամուր մարմին։ Յայտնի էր, թէ զինուորական եղած էր եւ ունէր տոկուն կազմուածք։
-Ամուսնացա՞ծ ես,- հարցուցի։
-Վեց զաւակ ունիմ եւ երեք թոռնիկ,- եղաւ Արմէնին ուրախ պատասխանը։ Բայց ուրախութիւնը միայն դէմքին վրայ չէր։ Կը զգայի այդ ուրախութիւնը, որ կու գար իր ներսէն՝ սրտէն եւ հոգիէն։
-Աշխատասէր մարդ ես եղեր, Արմէ՛ն,- ըսի դարձեալ կատակով։
-Չորս մանչ զաւակ ունիմ եւ երկու աղջիկ,- ըսաւ,- Չորս տղաքս ալ մարմնակրթանքի կը հետեւին եւ տարբեր մարզաձեւերու մէջ են։ Իսկ աղջիկներս ամուսնացած են եւ ունին երեք զաւակներ։
Արմէն մէկ կողմէն ինքնաշարժը կը վարէր, միւս կողմէն բջջային հեռախօսին մէջէն ցոյց կու տար իր զաւակներուն, թոռներուն եւ տիկնոջ նկարները։ Ուրախ էր Արմէն, հպարտ եւ գոհունակ իր ընտանիքով ու կեանքով: Այդ բոլորը շատ ակներեւ էին, երբ ցոյց կու տար նկարները։
-Ես իմ գործը շատ կը սիրեմ։ Իմ օրապահիկը կը վաստկիմ եւ ընտանիքիս հետ կը վայելեմ,- գոհունակութեամբ եւ հոգեկան հանգստութեամբ ըսաւ Արմէն։
Հասայ Բաղրամեան։ Արմէն գիտէր, որ սփիւռքահայ եմ։
-Ես իմ հայրենիքը շատ կը սիրեմ,- ըսաւ կարծէք որպէս մնաք բարով: Ապա աւելցուց,- Ուրախ եմ որ հայրենիք եկած ես։
-Ես ալ կը սիրեմ,- ըսի։
Այս սիրոյ արտայայտութիւնը հայրենիքի նկատմամբ մեր այդ օրուան հաղորդակցութեան եւ խօսակցութեան միացնող օղակը եղաւ՝ սէրը հայրենիքին, զոր Արմէնն ու ես փոխանակեցինք։
Դարձեալ Վարդանը…։
«Սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է»։ Դաշնակիցը եւ դաշնակցութիւնը կ’ենթադրէ կապուածութիւն, համախոհութիւն, եւ համերաշխութիւն, իսկ միացնող օղակը սէրն է։ Այս այն սէրն է, որ երկայնամիտ է։ Աստուածաշունչին մէջ «երկայնամիտ սէր»-ը կ’ընդգրկէ լման կեանք։ Կեանքը, որ կ’ապրիս, ոչ թէ միայն առանձին, այլ հաւաքական իմաստով։ Կ’ապրիս կեանքը միասին, զիրար հասկնալով, համբերելով եւ զիրար քաջալերելով։ Երկայնամիտի բացատրութիւնը խորունկ է եւ խորքային։
Եթէ Հայաստան-Սփիւռք դաշնակից են, այս պիտի նշանակէ, թէ այս դաշնակցութեան համար անհրաժեշտ է համախոհութիւն եւ համերաշխութիւն՝ երկու կողմանէ։ Այս բոլորին միացնող օղակը երկայնամիտ սէրն է։ Այս սէրը կը շինէ։ Երկայնամիտ սէրը կեանք կը կերտէ եւ ուր որ ալ հայը ապրի, անոր հաւատքը կ’ամրապնդէ։ Հաւատք մը, որով մեր անձերը կը շինուին եւ կը շինուի նաեւ հողը, տունը, հաւաքականութիւնը եւ հայրենիքը՝ հայուն ամբողջական կեանքը եւ անոր պատմութիւնը։
Այս սէրն է, որ տեսայ Արմէնին մէջ եւ այս սէրն է որ մենք բաժնեկցեցանք միասին։ Այս սէրն է, որ կը հաստատէ մեր դաշինքը, դաշնակցութիւնը, բայց անպայմանօրէն հայրենիքը։
«Երկայնամիտ սէրը»։
«Սփիւռքը Հայաստանի դաշնակիցն է»։
Դաշինք մը, որ կը կերտէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, բայց անպայմանօրէն նաեւ՝ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը։
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Քուէյթ, Դեկտեմբեր, 2022