Ատրպէյճանի փոխարտաքին գործոց նախարար Խալաֆ Խալաֆով 30 Յունուարին յայտնած է, որ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բոլոր աշխատակիցները տարհանուած են, Թեհրանի դիւանագիտական առաքելութիւնը ամբողջութեամբ դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը։
«Մենք ամբողջութեամբ դադրեցուցած ենք դեսպանատան դիւանագիտական գործունէութիւնը: Դեսպանատան վարչական շէնքին եւ ունեցուածքին պահպանման հետ առնչուած այնտեղ հինգ մարդ մնացած է, միւսները դիւանագիտական գործունէութիւն չեն ծաւալեր», յայտարարած է Խալաֆով։