«Երկիր»._ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը 30 Յունուարին մամլոյ քարտուղարի թուիթըրեան էջին վրայ յայտնած է.
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններուն նկատմամբ կիրարկուած վերջին բռնութիւններուն եւ բարբարոսութիւններուն առնչութեամբ, որոնք ուղղուած են Հայոց պատրիարքարանին եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչներուն դէմ»: