«alikonline.ir» – 27 Յունուարին, Թեհրանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համահաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախին եւ արցախահայութեան՝ հազարաւոր իրանահայերու մասնակցութեամբ:

Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթ ունեցան հիւրաբար Թեհրանի մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեան եւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Սեպուհ Արք. Սարգսեան, ինչպէս նաեւ հեռարձակուեցաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ուղերձը:

Բողոքի վերջաւորութեան ընթերցուեցաւ մասնակիցներու յայտարարութիւն, որոնք պահանջեցին միջազգային ատեաններուն, մասնաւորապէս՝ Իրանի Իսլ. Հանրապետութեան անմիջական միջամտութիւնը՝ վերաբանալու Արցախն ու Հայաստանը իրար կապող Բերձորու (Լաչին) միջանցքը, ինչպէս նաեւ ստեղծելու Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին ատրպէյճանական ցեղասպանական արարքներէն պաշտպանելու գործիքակազմ:

Ի խորհրդանիշ Արցախի ժողովուրդը փրկելու կոչին՝ բողոքի մասնակիցները լուսարձակներով կոչեր վանկարկեցին ի պաշտպանութիւն Արցախին: