28 Յունուարին ՀՅԴ Արցախի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է երդման արարողութիւն. ՀՅԴ շարքերը համալրած է 4 ընկեր:

Անոնք երդում տուին միշտ հաւատարիմ մնալու ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրին, Կանոնագիրին եւ որոշումներուն եւ բոլոր ուժերով, իսկ եթէ պէտք ըլլայ, նաեւ կեանքի գնով ծառայել Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

Երդման արարողութեան կնքահայրն էր վաստակաւոր կուսակցական ընկեր Գէորգ Պետրոսեան: