Թուրքիոյ ԱՄՆ դեսպանատունը զգուշացուցած է իր քաղաքացիները Իսթանպուլի կեդրոնէն ներս ահաբեկչական յարձակումներու վտանգէն՝ ի պատասխան Եւրոպայի օտարերկրեայ քաղաքացիներուն Ղուրանը այրելուն։

«ԱՄՆ կառավարութիւնը կը զգուշացնէ իր քաղաքացիները Իսթանպուլի եկեղեցիներուն, աղօթատեղիներուն եւ դիւանագիտական ​​ներկայացուցչութիւններուն վրայ կարելի եւ մօտալուտ ահաբեկչական պատասխան յարձակումներէ կամ այլ վայրերու մէջ, ուր կը յաճախեն արեւմտեան երկիրներու քաղաքացիներ: Անոնք են Պէյօղլու, Կալաթա, Թաքսիմ եւ Իսթիքլալ թաղամասերը», յայտնած են դեսպանատունէն։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի մէջ` մասնաւորապէս Շուէտի մէջ վերջին շրջանին Ղուրանի հրապարակային այրելու դէպքեր գրանցուած են, ինչ որ յառաջացուցած է իսլամադաւան երկիրներու քննադատութիւնը։