«Կը վերահաստատեմ իմ կոչը Հարաւային Կովկասի մէջ Լաչինի միջանցքին տիրող մարդասիրական ծանր իրավիճակին առնչութեամբ։ Իմ զօրակցութիւնը կը յայտնեմ բոլոր անոնց, ովքեր ձմռան կիսուն ստիպուած են դիմակայել այս անմարդկային պայմանները։ Անհրաժեշտ է միջազգային մակարդակով գործադրել բոլոր ջանքերը՝ մարդկանց բարօրութեան համար խաղաղ լուծումներ գտնելու նպատակով», յայտարարած է Հռոմի պապը:

Լաչինի միջանցքի մարդասիրական հետեւանքներուն Հռոմի Պապը անդրադարձած էր նաև անցեալ տարուան 18 Դեկտեմբերին։