31 Յունուար 2023-ին, ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը իր լրումին հասցուց ՀՕՄ-ի Քանատայի միաւորին ներդրումով իրագործուած «Տաքուկ Զգեստ» ծրագիրը, Ազգ. Մանկապարտէզի փոքրիկները եւս օժտելով մարզական հանգստաւէտ տարազներով։
Այս ընթացքին հաճելի էր տեսնել մանուկներուն ուրախութիւնը ի տես տրամադրուած գունագեղ հանդերձանքին։
Աւելցնենք, որ Դեկտեմբերի աւարտին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտութիւնը եւս ստացաւ տաքուկ գազակներ, որոնք պատրաստուեցան ՍՕ Խաչի աշխատանոցէն ներս։
ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութիւնը այս աշխատանքը իրականացուց շնորհիւ ՀՕՄ-ի Քանատայի միաւորի վարչութեան կատարած հերթական ամէնամեայ յատկացումին, ի նպաստ ՀՕՄ-ի Համահայկական ժողովով որդեգրուած «Տաքուկ Զգեստ» ծրագիրին։