-Եկէ՛ք քիչ մըն ալ բամբասենք, շատ հաճելի է,- կ’ըսէր մեր բարեկամը ամէն անգամ, երբ Պէյրութէն եկած այցելէր մեզի եւ քանի մը ժամ ետք սպառած ըլլային զրոյցի նիւթերը:
-Եկէ՛ք,- կը խնդայինք բոլորս եւ զրոյցի փրթած թելը ետ կը կապուէր:
Մեր պատանութեան օրերէն բոլորս ալ կը յիշենք, երբ «գաղտնիք» մը վստահեր էինք մեր ամէնէն մտերիմ ընկերուհիին, յաջորդ օրն իսկ մեր ամէնէն ոչ-մտերիմ ընկերուհիէն լսեր էինք զայն: Թերեւս վիճաբաներ էինք այդ ընկերուհիին հետ, հաւանաբար խռովեր էինք իրմէ, կամ լռեր էինք, մտածելով որ մեր գաղտնիքը արդէն ա՛լ գաղտնիք չէ:
Բայց կեանքի այդ առաջին դասը սորվեր էինք:
Աւելի ուշ, բաւական ուշ, երբ հասունցեր ենք եւ մեր կեանքին գաղտնիքները նուազեր են, մտածեր ենք ո՛չ թէ մեր ընկերուհիներուն չակերտաւոր թէ անչակերտ մտերմութեան մասին, այլ՝ խօսք ու բառ ըսուածին: Ինչպէ՞ս հաւատք ընծայել ըսուած խօսքի մը, ինչպէ՞ս տարուիլ խօսքով, երբ այդ խօսքը, ի սկզբանէ կրնայ խօսողին ճիշդ հակառակը զգացումները արտայայտած ըլլալ:
Կ’ըսուի թէ խօսքին ոճը, խօսողին նայուածքն ու դէմքին արտայայտութիւնը ընդհանրապէս կրնան մատնել անոր թաքուն մտածումները: Բայց չկա՞ն հմուտ «դերասաններ», որոնք առանց աչք թարթելու այդ բոլորը կ’ընեն, ներքուստ ծիծաղելով մեր դիւրահաւատութեան վրայ:
Բամբասանքն ալ նման երեւոյթ մըն է, որ, դժբախտաբար, վերջերս փաստեցինք, յատուկ է ոչ միայն կիներուն,- ինչպէս ամէն մարդ համոզուած է,- այլ նաեւ … երկիրներու, որոնք սուտ-փուտ լուրեր ներկայացնելով հեռատեսիլներէն կամ մամուլով, կը խանգարեն խաղաղութիւնը:
Կ’ըսուի թէ բամբասանքը բնական է մարդ արարածին էութեան. կ’ըսուի նաեւ, որ բամբասանքը անպայմանօրէն ժխտական չէ. օրինակ կրնանք պարզապէս մեր բարեկամներուն կամ ազգականներուն լուրերն ու նորութիւնները հաղորդել իրարու.
-Մեր դրացիները ինչպէ՞ս են,- կը հարցնենք յաճախ հեռախօսով, երբ այլ երկրէ մը կապուինք տակաւին Սուրիոյ մէջ ապրող մեր բարեկամներէն մէկուն կամ միւսին:
-Զարմիկդ ամուսնացա՞ւ, թէ տակաւին աղջիկ կը փնտռէ,- կը հարցընենք խնդալով:
Եթէ այս հարցումներուն պատասխանները տրուին մեզի, մեր ըրածը աւելորդ հետաքրքրութի՞ւն կ’ըլլայ թէ բամբասանք:
Հետաքրքրական եւ քիչ մըն ալ անհասկնալի երեւոյթ կայ բամբասանքին տակ թաքնուած՝ հաւատք ընծայել ժխտական լուրերուն, անմիջապէս, առանց ճշդելու անոնց աղբիւրն ու ճշգրտութիւնը: Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ համար ժխտականները աւելի քաշողական են, քան լաւ բաները:
Եթէ խօսուածը իրականութիւն է, ուրեմն բամբասանք չէ: Արդեօ՞ք:
Ուրեմն ի՞նչ է տարբերութիւնը ճշմարիտ դէպք մը պատմելուն եւ բամբասելուն միջեւ:
Եթէ բանանք բառարանը «բամբասել» բառին առջեւ պիտի գտնենք՝ «մէկու մը մասին, անոր վնասելու դիտաւորութեամբ, վատ բայց ճշմարիտ բան մը ըսել»։
Այստեղ լուսարձակը «անոր վնասելու դիտաւորութեամբ»-ին վրայ է: Ուրեմն եթէ վնասելու միտում չունի խօսողը, կարելի՞ է ըսուածը բամբասանք չհամարել:
Եթէ ուշադրութեամբ կարդանք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, որ հոն եւս բամբասանքը իր դերը ունեցած է, ինչպէս է պարագան Փառանձեմ Թագուհիին, որուն մասին  Խորենացի նախ կ’ըսէ Գիրք Երրորդի ԻԲ գլուխին մէջ.
«Ապա առնու Գնէլ իւր կին զՓառանձեմ ոմն յազգէն Սիւնեաց»:
Իսկ ԻԴ գլուխին մէջ կ’ըսէ.
«Այս Փառանձեմ գործեաց զանլուր եւ զանկարծելի չարիս, եւ զսարսափման լսողաց արժանաւոր: Անարժանիւ ոմամբ սուտանուն քահանայիւ՝ ի կենաց դեղն զմահացուն խառնեալ, ետ Ողոմպիադայ առաջին կնոջն Արշակայ, եւ ելոյծ ի կենաց սակս տիկնութեանն մախանաց» (էջ 312-313):
Ասիկա նոյն Փառանձեմն է, որ անլուր արութեամբ պաշտպանած է իր Արտագերս ամրոցը: Բայց որպէս կին, շատ հաւանաբար վրէժ լուծած էր իր առաջին ամուսնոյն՝ Գնէլի մահուան համար, զոր Արշակ սպանել տուած էր:
Իսկ Ա. Մ. Գարագաշեան, իր «Քննական Պատմութիւն Հայոց»-ի (Թիֆլիս 1895) էջ 252-ին վրայ հետեւեալը կը գրէ Խորենացիին համար.
«Զայս հաստատելու համար Խորենացին կը բերէ պառաւական զրոյց մի, թէ Արտաւազդ շղթայակապ արգիլուած է յայրի ուրեք, եւ երկու շունք անդադար կը կրծեն շղթաներն, որպէս զի ազատի եւ երթայ տալ վախճան աշխարհի»:
Նշմարեցի՞ք «պառաւական զրոյց մի» նախադասութիւնը. քիչ մը բամբասանքի հոտ կու գայ կարծես այս դարձուածքէն:
Ըստ Social Psychological and Personality  Science հանդէսին, միջին հաշուով իւրաքանչիւր անձ օրական 52 վայրկեան կը խօսի իր շուրջիններուն մասին, որովհետեւ դժուար է զսպել շուրջիններուդ կամ գոնէ մտերիմներուդ հետ «զրուցելու» պահանջը:
Բայց երբ մտերիմ շրջանակի մը մէջ ենք՝ ազգականներ թէ բարեկամներ, ընդհանրապէս դրական կերպով կը խօսինք մեր եւ իրենց նորութիւններուն մասին, վերջին շրջանի մեր կրած դժուարութիւններուն կամ ունեցած հիւանդութիւններուն մասին, առանց երբեք մտածելու թէ ատիկա կրնայ բամբասանք ըլլալ: Արդէն նման հաղորդակցութիւնները ընդհանրապէս «զրոյց» կը կոչուին, եւ ոչ՝ բամբասանք:
Բայց կան մարդիկ, որոնք իրապէ՛ս կը վախնան որեւէ բան ըսելէ, կամ կարծիք յայտնելէ, որովհետեւ անգամ մը «լեզունին այրեր են» եւ հիմա, երբ հաւաքուին, ընդհանրապէս լուռ կը մնան, տհաճ վիճակ մը ստեղծելով շուրջիններուն համար:
Եթէ մտածենք, զրուցելն ալ իր օրէնքները ունի, որքան ալ մտերիմներով եղած ըլլայ այդ զրոյցը: Երեք տեսակի զրոյց կայ՝ Ա. Երբ խօսողը անպայմա՛ն ինքզինք կ’ուզէ լաւ ցոյց տալ եւ կը սկսի ժխտականօրէն խօսիլ այլոց մասին. ասիկա անվիճելիօրէն բամբասանք է, որովհետեւ ամբողջովին ժխտական է: Բ. կան մարդիկ, որոնք իրապէ՛ս գաղտնապահ են, երբ հարցը կը վերաբերի իրենց մէկ զարմուհիին կամ մտերիմին, որ դժուար պահու մը խոստովանութիւն մը ըրած կ’ըլլայ. նման անձեր ոչ միայն իրենք վատ խօսողներ չեն, այլեւ զրուցակիցներուն վստահութիւնը կը շահին իրենց գաղտնապահութեամբ: Եւ Գ. երբ խօսուած իրականութեան կ’աւելցուին ոչ ճշմարիտ մանրամասնութիւններ, բամբասանքի մակարդակը կատարելութեան հասցնելով:
Բայց որովհետեւ զրոյցը ընկերային արարք մըն է, չենք կրնար մենք մեզ զրկել անկէ. հակառակ պարագային ճգնաւորներ կը դառնանք: Հետեւաբար շարունակենք մեր հաճելի զրոյցները, առանց բամբասանքի ծուղակներուն մէջ իյնալու:
Մարուշ Երամեան