Առաջաւորաց պահքը հայ եկեղեցւոյ յատուկ պահեցողութիւն է եւ կը պահուի Սուրբ Սարգիսի տօնին նախորդող Երկուշաբթի օրը՝ տարածուելով հինգ օրերու վրայ։ Այսօր, սակայն, հինգ օրերը փոխարինուած են երեք օրերով։
Մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին վիրապէն ելլելէն եւ Տրդատ Գ. թագաւորին մկրտութենէն ետք, Հայաստան կը դառնայ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօնք ընդունող առաջին պետութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Քրիստոսի խօսքը քարոզեց 65 օր շարունակ, որմէ ետք սահմանեց պահեցողութեան ու զղջումի հինգ օրեր, որպէսզի ժողովուրդը նուիրուի քրիստոնէական կեանքին ու մոռնայ իր հեթանոսական սովորութիւնները: Այսպէս հաստատուեցաւ Առաջաւորաց պահքը, որ հայ եկեղեցւոյ առաջին պահքն է եւ նոյն պատճառով կը կոչուի Առաջաւորաց։
Առաջաւոր կը նշանակէ գլխաւոր կամ առաջին գիծին վրայ գտնուող։
Պահոց օրերուն սուրբերու յիշատակում չի կատարուիր։ Ոմանք Առաջաւորաց Պահքը կը շփոթեն Ս. Սարգիսի տօնին հետ եւ թիւրիմացաբար կը կոչեն Ս. Սարգիսի պահք։ Եկեղեցւոյ կանոններուն հիման վրայ սուրբերուն համար պահք սահմանելը օրինական չէ։ Հետեւաբար Ս. Սարգիսի նուիրուած պահք գոյութիւն չունի։ Հակառակ այս իրողութեան, շատերու համար «Առաջաւորաց Պահք» արտայայտութիւնը ծանօթ չէ, անոր փոխարէն պահքը կը վերագրեն Ս. Սարգիս Զօրավարին։ Սխալ տարակարծութիւն մը, որ մինչեւ օրս ընդհանրացած է։ Շատ հաւանաբար թիւրիմացութեան տուն տուող պատճառներէն է Ս. Սարգիսի տօնը, որ կը զուգադիպի Առաջաւորաց Պահոց Շաբաթ օրը։
Առաջաւորաց Պահքի ընթացքին Ս. Պատարագ չի մատուցուիր։ 5-րդ օրը՝ (Ուրբաթ) յիշատակումն է Յովնան մարգարէի քարոզութեան եւ Նինուէացիներու ապաշխարութեան, որ կը նկարագրէ ժողովուրդին դարձը որպէս աղօթքի եւ ծոմապահութեան խօսուն օրինակ։