Աշխարհի մէջ ամենատարածուած երեւոյթներէն են ատելութիւնը, պատերազմը, կռիւը, մահը եւ հիւանդութիւնը։ Անոնք նաեւ մարդոց նեղացնող երեւոյթներ են. վստահ եմ, որ ոչ ոք կը ցանկայ կռիւը, մահը, հիւանդութիւնը եւ այլն։
Բոլորս ալ գիտենք, որ անոնք անխուսափելի երեւոյթներ են, օրէնքի վերածուած են կարծէք՝ մարդը քաջ, ինքնավստահ եւ զօրաւոր դարձնելու համար։
Սակայն ես կ’երազեմ աշխարհ մը, ուր բոլորը զիրար կը յարգեն, կը սիրեն եւ աշխարհ մը, ուր չկայ մահ, հիւանդութիւն եւ կռիւ։ Կ’երազեմ խաղաղ կեանք մը, առանց պատերազմի, առանց մանուկները որբ դարձնող հրէշներու։
Իմ աշխարհին մէջ հայկական հողերը իրենց բնիկ ժողովուրդով կը ծաղկին, նահատակներուն նոր կեանք կը շնորհուի, որովհետեւ անոնք արժանի են բոլորին նման ապրելու։
Իմ աշխարհին մէջ անտունին կը նուիրէի տուն մը, քանի որ բոլոր մարդոց իրաւունքն է ունենալ ապահով, տաքուկ բոյն մը, որբ մանուկներուն կը նուիրէի ընտանիք, որ սէր ու ջերմութիւն վայելեն։ Հիւանդներուն՝ բժշկական օգնութիւն։
Մէկ խօսքով՝ եթէ ես ըլլայի տնօրինողը ճակատագրին, կը ստեղծէի խաղաղ ու ջերմ աշխարհ մը, ուր բոլորը կրնան հաւասարապէս ուրախութիւն եւ խաղաղ մթնոլորտ վայելել։
Անի Բերլա Թէրզեան