Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնը, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հալէպի քահանայից դասուն մասնակցութեամբ:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան: Ս. Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց «Շողակաթ» երգչախումբը:

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանաներու տօնին խորհուրդը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով օրուան աստուածաշնչական հատուածը (Ղկ 12.4-10), որ կը բացայայտէ Քրիստոսի յայտնած այն ճշմարտութիւնը, որ ներշնչեց ու գօտեպնդեց Սրբ. Վարդանանց զօրավարները եւ Սրբ. Ղեւոնդեանց քահանաները։
Մակար Սրբազան դիտել տուաւ, որ քրիստոնեայ հաւատացեալները, որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինի անդամները՝ պէտք չէ վախնան աշխարհէն եկող որեւէ սպառնալիքէ, այլ Աստուծոյ երկիւղը իրենց սրտերուն մէջ ունենալով, իրենց հաւատքը գործնականօրէն արտայայտեն՝ գործադրելով Քրիստոսի ուսուցումները, որոնք կ՚առաջնորդեն դէպի յաւիտենական կեանք։
Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները կեանքի դժուարութիւնները դիմակայել Աստուծոյ ապաւինելով եւ Քրիստոսի կառչած մնալով, ինչպէս որ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը վկայէ։

Աւարտին Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի վախճանեալ հոգեւորականներուն հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Ն. Աղբալեան» սրահէն ներս ներկաները Սրբ. Ղեւոնդեանց եւ Սրբ. Վարդանանց տօներուն նուիրուած երգեր երգեցին։ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Թեմի հոգեւորականները եւ մաղթեց, որ աստուածահաճոյ կոչումին վրայ հաստատուն մնալով, նուիրուածութեամբ շարունակեն ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։
Ապա, Տիկնաց յանձնախումբին կողմէ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։