Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հոգեւորականներէ եւ ազգայիններէ բաղկացած շքախումբով ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Հալէպի Նահանգապետ Հուսէյն Տիապին, նահանգապետարանի իր գրասենեակէն ներս։

Նորին Սրբութիւնը զօրակցելով Սուրիոյ ժողովուրդին, ցաւակցութիւն յայտնեց Հալէպի նահանգապետին՝ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն։

Նահանգապետը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ վշտակցութեան եւ ցաւակցական այս այցելութեան համար։