Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ի յետմիջօրէին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, հոգեւորականներէ եւ ազգայիններէ բաղկացած շքախումբով ցաւակցական այցելութիւն տուաւ Հալէպի կուսակցապետ տիար Ահմատ Մանսուրին։
Նորին Սրբութիւնը զօրակցելով Սուրիոյ ժողովուրդին, ցաւակցութիւն յայտնեց Հալէպի կուսակցապետին՝ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած սուրիացիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն։

Կուսակցապետը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ վշտակցութեան եւ ցաւակցական այս այցելութեան համար։