Կառչած մնալով մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն եւ յիշատակելով մեր ինքնութիւնը հաստատող Սրբոց Վարդանանց զօրավարներու դիւցազնական հերոսամարտին տօնը, Կիրակի, 19 Փետրուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ հիւրընկալութեամբ՝ Գերապայծառ Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սրբ. Վարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած յուշահանդէս, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի փոխգնդապետը եւ ներկայացուցիչները, հոգեւոր հայրեր եւ պատուելիներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, եկեղեցական մարմիններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդի զաւակներ:
Երեք համայնքապետները «Տէր Ողորմեա՛»-ի երգեցողութեան ներքոյ մոմավառութիւն կատարեցին, յարգելով մեր նահատակներուն եւ զոհերուն յիշատակը:
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարալ Տատաղլեան: Բացման խօսք արտասանեց Սուզան Տատաղլեան, յայտնելով, որ Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր հերոսներուն վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց իմացեալ մահով՝ մենք քրիստոնեայ մնացինք եւ պահեցինք մեր հաւատքը, լեզուն եւ մշակոյթը:
Գեղարուեստական հոգեպարար յայտագիրով հանդէս եկաւ Գարօլին Քէշիշեան, մեներգելով «Սիրտ Իմ Սասանի» շարականը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Ռուզան Պարսումեանի:
«Լռեց Ամպեր» երգը ջութակով նուագեցին Սերենա Պէրպէրեան եւ Դիա Մարիա Քէշիշեան:
Պարոյր Սեւակի «Երգ Եռաձայն» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Նուէր Ներսէսեան: Այնուհետեւ, «Հոգի Աստուծոյ», «Գողթնի Գնարք», «Ձօն Վարդանի» եւ «Ձօն Նահատակաց» հայրենաշունչ երգերով հանդէս եկաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ Մարգարիտ Խաչատուրեան-Պանտաքի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Ռուզան Պարսումեանի:
Օրուան բանախօսութիւնը ներկայացուց Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան:
Ապա երեք համայնքապետները իրենց պատգամը ուղղեցին հաւատացեալներուն:

Գերապայծառ Տէրը իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Համայնքապետերուն եւ գնահատեց օրուան բանախօսը եւ գեղարուեստական յայտագիրի բոլոր մասնակիցները:
Տօնակատարութիւնը վերջ գտաւ երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով:

Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»-ի Փետրուար Գ. համարով։