«Երկիր».-Ատրպէյճանի Արտագին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ արձագանգած է Հայաստանի Արտագին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան:

Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳՆ հաղորդագրութեան, Հայաստան միջազգային հանրութեան պահանջներուն համապատասխան ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման արդիւնքներու ուղղութեամբ միջոցներ պէտք է ձեռնարկէ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Հայաստանի ԱԳՆ յուզումնային եւ հակասական յայտարարութեան պատճառը հասկնալի է: Ըստ երեւոյթին,  երկրի ներքաղաքական իրավիճակի առումով Հայաստանի իշխանութիւններու արձագանգին կը համապատասխանէ: Յիշեցնենք, որ Հայաստան իր համաձայնութիւնը  տուած է երկու երկիրներու ԱԳ նախարարներու ընթացիկ հանդիպման: 

Հաղորդագրութեան մէջ յիշուած է, որ Ատրպէյճան իր կարծիքին մէջ անփոփոխ կը մնայ, անկախ թէ ինչպիսի՛ իշխանութիւն կը կառավարէ Հայաստանը, հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին «Ատրպէյճանի գրաւուած տարածքներէն», եւ մարդկային կորուստներուն միակ պատճառը Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած թշնամական քաղաքականութիւնն է: