Երեքշաբթի, 21 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի, զօրակցական այցելութիւն տուաւ հայկական կեդրոններէն ներս ապաստանած հայորդիներուն, որոնք համախմբուած են երկրաշարժի վտանգէն պաշտպանուելու համար։
Սրբազան Հայրը այցելեց հետեւեալ կեդրոնները.- Ա. Մանուկեան Ժ. Տան «Սպիտակ» եւ «Նիւ Սպիտակ» սրահները, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ եւ փոքր ներքնասրահները, «Սահակ Նալպանտեան» սրահը (նախկին Տիգրանեան), Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի «Զարեհեան» սրահը, ՀՄԸՄ-ի ընտանեկան պարտէզը, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան շրջափակը եւ ՀԲԸՄ-ի Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան Կեդր. Վարժարանի «Միքայէլ Եսայեան» մանկապարտէզի սրահը։

Սրբազան հայրը տեսակցելով ընտանիքներուն հետ, իր հայրական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայորդիներուն, գօտեպնդեց զանոնք եւ պատուիրեց, որ Ամենակալին աղօթելով համբերատարութեամբ եւ իրենց ներքին խաղաղութիւնը պահելով շրջանցեն հետզհետէ մեղմացող երկրաշարժի յաճախակի ցնցումները։

Ներկաները, Սրբազան Հօր ձայնակցելով միասնաբար «Տէրունական Աղօթք»-ը արտասանեցին եւ «Տէր Ողորմեա՛» երգեցին, հայցելով Բարեխնամ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը։