«Գանձասար» կապ հաստատեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեանի հետ մանրամասնութիւններ իմանալու Լաթաքիոյ մէջ երկրաշարժին հետեւանքներուն մասին:
Կարպուշեան յայտնեց.
«Թաղականութեան հովանաւորութեամբ եւ գործակցաբար երկու միութիւններու հետ՝ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի եւ ՀԲԸՄ-ի, անմիջապէս գործի լծուեցանք: Օգնութիւններ հասան այն ընտանիքներուն, որոնց բնակարանները բաւական վնասուած էին եւ իրենք դուրս եկած էին բնակարաններէն: Ազգ. Առաջնորդարանի թելադրանքին համաձայն, սկսանք վնասուած բնակարանները ցանկագրել: Մինչեւ 20 Փետրուար ունէինք 13 անբնակելի բնակարան, իսկ 20 Փետրուարի երկրաշարժին կրկին ունեցանք անօթեւան մնացած այլ լաթաքիահայեր եւս, ուստի վնասուած բնակարաններու թիւը բարձրացաւ: Բարեբախտաբար երկու երկրաշարժներուն հետեւանքով հայ զոհեր եւ վիրաւորներ չարձանագրուեցան: ժողովուրդը խուճապի մատնուեցաւ եւ նիւթական վնասներ կրեց:
Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահը որպէս ապահով վայր յատկացուեցաւ բնակչութեան: Սրահին դռները բաց են մինչ օրս: Ժողովուրդը կը գիշերէ այնտեղ, իսկ ցերեկը իւրաքանչիւրը կը լծուի իր աշխատանքին, թերեւս հոգեբանական վիճակ է ժողովուրդին մօտ որ կը շարունակուի:
Մարդասիրական օգնութիւններ ստացանք Սուրիոյ մէջ գործող զանազան եկեղեցական կողմերէ, ինչ որ արդէն տեղւոյն վրայ բաշխուեցաւ ապաստանեալ ժողովուրդին, նաեւ  սննդակողովներ պատրաստուեցան եւ յատկացուեցան ժողովուրդին:
Մեր ակումբը կամ կեդրոնները չենք բացած ժողովուրդին, որովհետեւ անոնք կը գտնուին բարձրայարկ շէնքերու ներքեւ, հետեւաբար վտանգաւոր են: Եկեղեցւոյ սրահը աւելի ապահով է: Ուստի ան որ կ’ուզէ ապաստանիլ բնակարանէն դուրս, կրնայ «Գանձասար» սրահ ներկայանալ: Նոյնիսկ թաղեցիները կ’ապաստանին այստեղ:
Լաթաքիոյ մէջ մեր մօտ արձանագրուած ունինք 58 վնասուած բնակարան: Անոնք նորոգութեան կարիք ունին, 20-ը լրիւ անբնակելի է, որովհետեւ շէնքերուն հիմը խախտած է: Կապի մէջ ենք SALT եւ ACN կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք խոստացան աջակցիլ շինարարութեան աշխատանքներուն եւ արդէն SALT-ը երկու անգամ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեց մեզի եւ ըստ յարմարութեան կը բաժնուի ժողովուրդին:
Լաթաքիոյ պետական լրատուամիջոցներու տուեալներով զոհերու ընդհանուր թիւն է 850, վիրաւորներունը՝ 3000: Համայնքը բարեբախտաբար որեւէ զոհ չունի:
Ազգային Սրբոց Նահատակաց Վարժարանը ստուգուելէ ետք կայուն համարուեցաւ: Դասաւանդութիւնը տակաւին յետաձգուած կը մնայ մինչեւ որ Կրթութեան Նախարարութեան յայտարարէ դասաւանդութեան վերսկսման մասին»: