Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումը ազդեց առաւելաբար Սուրիոյ ժողովուրդին ու աշխատուժին վրայ։
Շրջափակման հետեւանքով առողջապահութեան, տնտեսութեան ոլորտին մէջ յառաջացած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրի գործարարներուն հասած ուղղակի հարուածը, սննդամթերքի եւ այլ արտադրութիւններու արտածման ու ներածման առումով եղած սահմանափակումները վնաս հասցուցին առաւելաբար Սուրիոյ ժողովուրդին։
Պատերազմի հետեւանքով արդէն իսկ բազում դժուարութիւններ ապրած, քարիւղի երկրի հիւսիսարեւմտեան շրջանի ուժերուն վերահսկողութեան տակ եղած ըլլալուն բերումով վառելանիւթի տագնապ դիմագրաւած ժողովուրդը կենցաղային վատ պայմաններու մէջ ապրեցաւ յատկապէս վերջին երեք տարիներուն։
Վրայ հասաւ աղէտալի երկրաշարժը։
Անկասկած երկրաշարժի զոհերուն թիւը շատ աւելի նուազ պիտի ըլլար, եթէ չըլլար տնտեսական շրջափակումն ու փրկարարական տարբեր կողմեր շուտ հասնէին Սուրիա։
Երկրաշարժի առաջին օրերէն Միացեալ Նահանգներուն եւ արեւմտեան աշխարհին ուղղուած տարբեր կոչերը մասամբ արդիւնաւորուեցան եւ ԱՄՆ որոշ պատժական սահմանումներ չեղեալ համարեց, սակայն ոչ բոլորը։
Մարդասիրական մղումներէ եւ մարդու իրաւունքներու սկզբունքներէ մեկնելով, հարկ էր վերջ տալ պատիժներուն ամբողջապէս, առիթ տալու Սուրիոյ աղէտահար ժողովուրդին օգտուելու օգնութիւններ ստանալու իր առաւելագոյն իրաւունքներէն ու գէթ երկրաշարժի այս տագնապը յաղթահարելու։
Սակայն տակաւին առկայ են շատ մը կաշկանդումներ, որոնք կը խոչընդոտեն Ժողովուրդին փրկութեան ու բարեկեցութեան համար հասանելի օժանդակութիւնները։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը  երկրաշարժին առիթով Հալէպ այցելութեան առաջին իսկ ժամերուն մամլոյ ներկայացուցիչներուն ներկայութեան իր ձայնը միացուց Սուրիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հաւաքական ձայնին եւ կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին վերջ տալու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն։
Այլ տեղ մը շրջափակման ենթակայ է նաեւ Արցախի ժողովուրդը։ Ան եւս պատերազմէն հազիւ դուրս եկած կ’ենթարկուի տնտեսական, առողջապահական ու մարդկային տագնապալի կացութեան Ատրպէյճանի պարտադրած շրջափակման հետեւանքով։
Շրջափակումները անմարդկային դրսեւորումներ են, որոնց դէմ պէտք է ձայն բարձրացնել ամէնուրեք, որպէսզի մարդկային ու մարդասիրական մօտեցումները չանհետանան քաղաքական փապուղիներու մէջ եւ մարդկայնութիւնը վեր մնայ քաղաքական սրումներէ։