Մեր ժողովուրդին սիրեցեալ զաւակներէն շատերը Մեծ Պահոց սեմին կ’ընեն հետեւեալ հարցադրումները. «Ի՞նչ իմաստ ունի ուտելիքի պահեցողութիւն կատարելը», «Եթէ մսեղէն ու կաթնեղէն չուտեմ, մեղքերս պիտի ներուի՞ն», «Եթէ բուսակեր ըլլամ, Աստուած աւելի՞ պիտի սիրէ զիս» եւ մասամբք սոցին:

Այսպիսի հարցումներ ուղղող անձերուն ամբողջական իրաւունք կու տամ: Այսօրուան աշխարհին մէջ բազմաթիւ անձեր կան, որոնք բուսակերներ են՝ առողջապահական, անասուններու պահպանման կամ այլազան պատճառներով. այսինքն՝ անոնք տարին 365 օր արդէն իսկ պահեցողութեան մէջ են: Ուրեմն, այսպիսիներուն համար ի՞նչ օգուտ կամ իմաստ ունի պահեցողութիւնը: Քանի մը օր առաջ բուսակեր բարեկամս կատակելով կ’ըսէր. «Մեծ Պահոց շրջանը մօտեցաւ: Կը մտածեմ այդ օրերուն մսեղէն եւ կաթնեղէն ուտել»: Առաւել եւս, կան մարդիկ, որոնք որոշ շրջանի մը համար սննդականոնի հետեւելով, իրենք զիրենք անասնական արտադրութիւններէ հեռու կը պահեն: Այսպիսիներուն համար ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ պահեցողութեան շրջանը:

Եթէ ընդունինք, որ Մեծ Պահոց շրջանը միայն մսեղէնէ ու կաթնեղէ հեռու մնալու համար է, այն ատեն, պահեցողութիւնը իր իսկական իմաստէն կը մերկացնենք: Եթէ այդպէս մտածենք, մենք պահեցողութեան միայն կէս նպատակը նկատի կ’ունենանք: Պահեցողութեան նպատակը ինքզինք որոշ ուտեստեղէններէ զրկելու նեղ սահմաններէն շատ աւելի դուրս պէտք է դիտել: Մեր եկեղեցւոյ Ս. հայրերը սննդագէտ բժիկներ (dietitian) չէին, որ հայ ժողովուրդին համար որոշ սննդականոնի մը հետեւելու շրջան հաստատէին: Անոնք Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը հաստատած են, որովհետեւ կարեւոր նպատակ մը կը հետապնդէին:

Ուտելիքի պահքը Քառասնօրեայ պահեցողութեան միայն կէս գործն է: Ուտելիքի պահեցողութեամբ մարդ չի կրնար իր մեղքերը քաւել կամ ինքզինք երկինք առաջնորդող ճամբուն մէջ դնել: Մեր եկեղեցւոյ Ս. հայրերը յաճախ իրենց քարոզներուն ու գրութիւններուն մէջ շեշտած են, թէ պահեցողութեան ընթացքին մենք մեր մարմինները կը տկարացնենք, որպէսզի մեր հոգիները զօրանան: Խորին խորհուրդ մը կ’ընդգրկէ այս խօսքը: Մարդ արարածը միայն մարմին չէ, այլ՝ հոգի: Ան չի կրնար անոնցմէ մէկուն արժէք տալ, իսկ միւսը՝ անտեսել: Պահեցողութեան ընթացքին մարդը ուտելիքի պահքի կողքին նաեւ հոգիի պահք պէտք է պահէ: Ի՞նչ է հոգիի պահքը: Հոգիի պահք պահել կը նշանակէ չբամբասել, չհայհոյել, չստել, չզրպարտել, չզարնել, չշնալ, չատել, խտրութիւն չդնել, չարհամարհել, չնախանձիլ, ամբարտաւանութիւն չընել, չգողնալ, չբարականալ, ագահութիւն չընել, վրէժ չլուծել, նենգութիւն չընել, չծուլանալ, չծաղրել, խեղկատակութենէ հեռու մնալ, արբեցողութենէ հեռանալ եւ այլն: Ի մի բան՝ Հոգիի պահքը մեղքի՛ պահքն է: Ահաւասիկ հո՛ս կը կայանայ պահեցողութեան ճշմարիտ իմաստն ու արժէքը:

Սիրելի՛ հաւատացեալ-ընթերցողներ, Աստուած առիթ մը եւս դրած է մեզմէ իւրաքանչիւրին առջեւ: Օգտագործենք այդ առիթը: Կատարենք մարմինին ու հոգիին պահքը, որպէսզի կիսկատար մնացած գործը ամբողջացնենք:

Առաքել Աբղ. Գատեհճեան

Անթիլիաս, Լիբանան
Երեքշաբթի, 14 Փետրուար 2023