ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ՎԱՐՈՒԻԼ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ՅԱՌԱՋԱՑՈՂ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Մի՛ խորհիք, որ մանուկը չի կրնար ըմբռնել ու հասկնալ իր շուրջի պատահած դէպքերը։
Տագնապի մանրամասնութիւններուն մասին չխօսիլն ու չպատմելը մոռացութեան չեն մատներ զանոնք, այլ աւելի կը շեշտեն ու կ’ամրացնեն անոնց վատ ազդեցութիւնը մանուկի հոգիին խորերը։
Հոգեկան բնական յուզմունքները, ինչպէս՝ լացը, բարկութիւնն ու հոգեկան տագնապը, մանուկներուն համար հասկնալի եւ ընդունելի են, ուստի մի՛ փորձէք պահել ձեր վախը։ Խուսափեցէ՛ք, սակայն, չափազանց պոռթկումներէն եւ վախազդու արտայայտութիւններէն, որոնք սարսափի կը մատնեն մանուկները։
Անհրաժեշտ է զրուցել անոնց հետ եւ թոյլատրել, որ անոնք պատմեն իրենց տեսածը, լսածն ու զգացածը՝ նշելով, որ դուք ալ նոյնպիսի սարսափի մատնուած էք։
Իրականութեան ակնարկեցէք՝ առանց ստելու եւ երեւակայական առասպելներ հիւսելու, որովհետեւ մանուկը պիտի գիտակցի իրականութեան։ Փոքրիկը աւելի ապահով կը զգայ ինքզինք, երբ դուք ճշմարտութիւնը կ’ըսէք։
Անոր ներկայութեան խուսափեցէ՛ք դիտել սրտաճմլիկ պատկերներ կամ հետեւիլ համացանցի վախ յառաջացնող լուրերուն ու տեսանիւթերուն։ Զինք զբաղեցուցէ՛ք իր նախասիրած գործերով, ինչպէս՝ գծագրութիւն, երգ, պար, մարզանք եւ այլն։
Իր նախաձեռնութիւններուն համար քաջալերեցէ՛ք զայն, որպէսզի լիցքաւորուի հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ։
Մանուկներուն հոգիները դիւրաբեկ են, ուստի զիրենք առողջ պահելը մեր ճիտին պարտքն է։ Ապահովութիւն ներշնչեցէք ձեր մանուկներուն եւ գրկեցէք զիրենք, գուրգուրանք տածելով ամէնէն դժուար կացութիւններուն մէջ անգամ։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԻ ԺԱՄԱՆԱԿ
Երկրաշարժները երկրի մակերեւոյթին վրայ տատանումներ յառաջացնող ստորգետնեայ ցնցումներ են: Ի՞նչ պէտք է ընել երկրաշարժի ընթացքին.
Նախ պէտք չէ խուճապի մատնուիլ, որովհետեւ խուճապը կրնայ հոգեբանական եւ ֆիզիքական ցնցումներ պատճառել:
Եթէ փողոցն էք, խուսափեցէք ելեկտրականութեան սիւներէն, շէնքերէն եւ մետաղալարերէն:
Փորձեցէք չմտնել ստորգետնեայ անցումներ:
Փակ տարածքի մը մէջ, տունը կամ շէնքի մը մէջ գտնուելու պարագային, պէտք է խուսափիլ վերելակներէն կամ աստիճաններէն:
– Տան ամէնէն ապահով սիւնին մօտ կանգնեցէք, կամ փայտեայ ամուր  մակերեսով սեղանի մը տակ պատսպարուեցէք, մինչեւ ցնցումներուն դադրիլը։