Չեմ գիտէր թէ գալիք օրերուն ինչ պիտի պատահի, բայց գիտեմ որ Աստուած Զինք վստահողներուն է հովանի։

Չեմ գիտէր թէ օրերը ինչ վերապահած են մեզի, բայց գիտեմ թէ Տէր Աստուած անփոփոխ է եւ Իր կամքն է բարի։

Չեմ գիտեմ թէ աշխարհին վիճակը ո՞ւր պիտի հասնի, բայց Տիրոջ խոստումն աղբիւր յոյսի։

Գիտենք թէ աջէն ու ձախէն լուրեր կը ցնցեն մեզի, բայց Աւետարանի լուրն է ազդու միջոց մխիթարանքի։

Չեմ գիտէր թէ մարդոց կարծիքը որքանո՞վ է իրաւացի, բայց նեղութիւնը հրաւէր է աղօթքի եւ դարձի։

Չեմ գիտէր թէ երկրի յատակը ինչե՞ր կան գաղտնի, բայց յիշենք թէ երկնային զօրքերու Տիրոջ զօրութիւն սահման չունի։

Չեմ գիտէր…միտքս սահմանափակ է, տեսղութիւնս` պղտոր, վերլուծումս` անհիմն, հորիզոնս` ամպամած, ուղղութիւնս` անորոշ, ներաշխարհս` ալեկոծ, սիրտս` կոտրած, հոգիս` տրտմած, ներկաս` վիճակ ափսոսալի, ագապաս` հանելուկ անլուծելի…։

Չեմ գիտէր,” Մահկանացուներուս դատումները խախուտ են եւ մեր միտքը կը մոլորի յաճախ. որովհետեւ կորստական այս մարմինը կը ծանրացնէ հոգին. հողեղէն այս յարկը բազմաթիւ հոգերով կը ծանրաբեռնէ միտքը.այնքան` որ հազիւ մեզ շրջապատող իրերուն մասին գաղափար մը կը կազմենք.դժուարաւ կը գտնենք նոյնիսկ ինչ որ մեր հասողութեան մէջ է…”(Աղօթք, Իմաստութիւն Սողոմոնէն 9)

Չեմ գիտէր, միայն Քու սէրդ մտաբերելով, Քու ողորմութեանդ յուսալով, Քու միջամտութիւնդ ակնկալելով եւ Քու Յարութեանդ զօրութիւնը դաւանելով կը քալենք։

Չեմ գիտէր, բայց հակառակ տիրող ցաւալի կացութեան, մեծ նեղութեան, անորոշութեան, կասկածամտութեան եւ մահաշուք իրականութեան` տակաւին ամենագէտիդ կը դիմենք եւ Քեզմէ փրկութիւն կը սպասենք, քանզի մարդասէր Տէր ես։

Չեմ գիտէր, միայն ո՜վ Քրիստոս, խաղաղութիւնդ կը խնդրենք, որպէսզի առաքեալին հետ ըսենք.”Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք.տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք”։(Բ”Կր 4.8)

Չեմ գիտեր, արդեօք տագնապը պիտի ըլլա՞յ շարունակելի, բայց Տէր Յիսուս Քրիստոսի հզօր իշխանութիւնն է հրաշալի եւ անպարտելի։

Չեմ գիտեմ…”Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր` որ մեզ սիրեց”:(Հռ 8.37)

Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան