«Արմէնփրէս».- Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին արիութիւն ցուցաբերած Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուորական ծառայող Սիփան Մելքոնեան  յետմահու «Մարտական ծառայութիւն» մետալով պարգեւատրուած է: