Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2023-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամէհ Շուքրին։

Նախարար Շուքրի փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթթահ աս-Սիսիի նախագահ Ասատին առաքած նամակը, որուն մէջ ան կը շեշտէր Եգիպտոսի զօրակցութիւնը Սուրիոյ՝ աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքները յաղթահարելու համար։

Նախարար Շուքրի փոխանցեց նաեւ նախագահ Սիսիի ողջոյնները եւ Սուրիա-Եգիպտոս պատմական հպարտալի յարաբերութիւններուն կարեւորութեան շեշտադրումը, յայտնելով, որ Գահիրէն նախանձախնդիր է սոյն յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ երկու երկիրներու գործակցութեան մակարդակը բարձրացնելու։
Իր կարգին նախագահ Ասատ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան՝ Սուրիոյ կառավարութեան նեցուկ կանգնելուն եւ երկրաշարժէն տուժածներուն մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրելուն համար, շեշտելով, որ Սուրիան եւս նախանձախնդիր է երկու երկիրներու յարաբերութիւնը զարգացնելու։
Նախագահ Ասատ դիտել տուաւ, որ արաբական երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը ընդհանուր արաբական իրավիճակի բարելաւման հիմնաքարը կը համարուի։
Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Եգիպտոսի մէջ հաստատուած սուրիացիներուն տեղահանուածներու վերաբերմունք չէր ցուցաբերուեր, ընդհակառակն. Եգիպտոս զիրենք գրկաբաց ընդունեց եւ Եգիպտոսի ժողովուրդէն մասնիկ մը համարեց, ինչ որ կը փաստէ Եգիպտոսի ժողովուրդին մարդկային եւ արժէքային բարձր համակարգը։
Իր կարգին նախարար Շուքրի յայտնեց, որ սուրիական-եգիպտական յարաբերութիւնը արաբական երկիրներու պահպանման գլխաւոր գործօններէն է, շեշտելով, որ Եգիպտոս իր կարելին ի գործ պիտի դնէ Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին զօրակցելու համար։
Նախարար Շուքրի աւելցուց, որ Եգիպտոս հաստատուած սուրիացիները դիւրաւ համարկուեցան եգիպտական միջավայրին եւ յաջողութիւն ձեռք բերին աշխատանքի տարբեր ոլորտներու մէջ։