Անցնող շաբաթ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ընկերային Ծառայութեան Խորհուրդը բարերարի մը նուիրատուութեամբ, յետ աղէտալի երկրաշարժին, 200 ընտանիքի երկու փուլով սննդակողով բաժնեց, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։
Թող Ամենակալը առատապէս օրհնէ բոլոր բարերարները եւ անվտանգ օրեր պարգեւէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։