Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստոնեայ համայնքապետերու լիակատար ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հալէպի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլիի, «Ալ-Նապի Իլիաս» աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, միջ-համայնքային օժանդակութեան յանձնախումբին մօտ Բերիոյ Հայոց Թեմի ներկայացուցիչ Տիար Տիգրան Պետրոսեան եւ միջ-համայնքային խորհրդատու երկրաչափերու յանձնախումբին մօտ Թեմի ներկայացուցիչ երկրչփ. Զաւէն Պարտաքճեան։
Համայնքապետերուն կողքին ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին բարերարներ, միջ-համայնքային օժանդակութեան յանձնախումբն ու միջ-համայնքային խորհրդատու երկրաչափերու յանձնախումբը, որոնք կը բաղկանան համայնքներու ներկայացուցիչներէ։

Ժողովը յատկացուած էր քննարկելու Հալէպի մէջ երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած բնակարանները երկրաչափական ճշգրիտ կանոններուն եւ կիրառելի օրէնքներուն համաձայն վերանորոգութեան ենթարկելու գործընթացը, անօթեւան դարձածներուն վարձակալութեան գումար տրամադրելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ վնասուածներուն օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը։