Անառակ Որդիին առակը մեր ժողովուրդի սիրեցեալ զաւակներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր քրիստոնեաներուն «սիրտերուն խօսող» աստուածաշնչական պատմութիւններէն մէկն է: Ան յատուկ տեղ գրաւած է նաեւ Աստուածաշունչ մատեանի մեկնիչներուն մօտ, որոնք զայն կոչած են «Աւետարան մը՝ Աւետարաներուն մէջ» եւ «Փոքրիկ Աւետարան»:
Աշխարհի երեսին վրայ ապրող իւրաքանչիւր անհատ «հեռուէն թէ մօտէն» ապրած է կամ կ’ապրի Անառակ Որդիին հոգեվիճակը: Երբ որեւէ անձ ընթերցէ տուեալ դրուագը, պահ մը կը կարծէ, որ իր ինքնակենսագրութիւնը կը կարդայ, որովհետեւ ինքզի՛նք կը տեսնէ անոր մէջ. կը նոյնանայ հերոսին՝ Անառակ Որդիին հետ, կը մտաբերէ իր «անառակութեամբ» ապրած օրերը եւ կը գտնէ այդ հոգեվիճակէն դուրս գալու լուծումը:
Այս գրութեամբ կ’ուզեմ Անառակ Որդիին առակին վերաբերեալ խորհրդածութիւն մը կատարել ընթերցողիդ հետ:
Անառակ Որդիին առակին մէջ տիրական է տան գաղափարը: Անառակ Որդին հօրը ստացուածքէն իր բաժինը առնելով կը հեռանայ տունէն: Կ’երթայ իր տունէն բոլորովին օտար վայր մը: Հոն անառակ կեանք մը վարելով կը մսխէ իր ունեցուածքը: Կը դառնայ ծառայ եւ խոզարած: Կը մնայ անօթի եւ կ’երազէ խոզերուն ճաշէն ուտել, բայց «ոչ ոք կու տայ իրեն» (Ղուկաս 15. 16): Ուստի, կ’անդրադառնայ իր սխալին եւ կ’որոշէ տո՛ւն վերադառնալ:
Այս առակը կը ներկայացնէ իր հոգեւոր տունէն՝ Աստուծմէ, հեռացած մարդուն հարազատ ու ճշգրիտ պատկերն  է: Երբ մարդ արարածը հեռանայ Աստուծմէ, ա՛յս վիճակին կը հասնի. կը մսխէ իր աստուածապարգեւ շնորհներն ու առաքինութիւնները, կը դառնայ ծառա՛յ մեղքին եւ չարին, կ’ունենայ քաղցն ու ծարաւը Աստուծոյ ներկայութեան եւ կը զգայ իր ապականեալ վիճակը: Սակայն ի տարբերութիւն Անառակ Որդիին, Աստուծմէ հեռացած մարդոցմէ որոշ մասը հոս կանգ կ’առնէ այսինքն՝ չ’անդրադառնար իր սխալին եւ չ’ուզեր տուն վերադառնալ, այդ իսկ պատճառով, կը շարունակէ թափառական, զբօսնող ու անորոշութեան ալիքներուն վրայ մնալ իր հոգեւոր կեանքին մէջ:
Անառակ Որդիին առակը կարդալով, մենք կը տեսնենք, թէ ի՛նչ կը պատահի Աստուծմէ հեռացած մարդուն, երբ տո՛ւն վերադառնայ: Անառակ Որդին սխալած մարդու հոգեբանութեամբ, կը կարծէր, թէ իր հայրը զինք պիտի չներէր, ծառայի նման պիտի աշխատցնէր եւ միայն իր հանապազօրեայ հացը պիտի տար: Սակայն, իրողութիւնը ճիշդ ներհակը կ’ըլլայ: Տուն վերադառնալով, Անառակ Որդին կը դառնայ հարազա՛տ որդի եւ տը-նե-ցի:
Աստուծմէ հեռացած մարդը Անառակ Որդիին նման կը կարծէ, թէ Աստուած զինք պիտի դիտէ անառակի, մեղաւորի, անարժանի եւ ծառայի աչքով, եւ այդ իսկ պատճառով, ան կը խուսափի Աստուծոյ դառնալէ: Սակայն, Անառակ Որդիին առակը ճիշդ հակառակը կը փաստէ:
Երբ Անառակ Որդին «տակաւին տունէն բաւական հեռու էր, հայրը տեսաւ զինք ու գթաց, վազելով փաթթուեցաւ եւ համբուրեց» (Ղուկաս 15. 20): Դրուագին մէջ երբեք չենք հանդիպիր տողի մը, ուր Հայրը կը հանդիմանէ իր զաւակը: Հայրը չի սպասեր որ իր զաւակը մօտենայ, այլ ի՛նք կ’երթայ անոր մօտ: Հայրը իր ձեռքերով չ’ապտակեր, այլ՝ կը փաթթէ: Իր բերանով չի հանդիմաներ, այլ՝ կը համբուրէ: Ուրեմն, իր հոգեւոր տունը վերադարձող մարդը անպայմանական եւ նոյնիսկ վայրկեանական ներո՛ւմ կը ստանայ:
Հայրը իր ծառաներուն կը պատուիրէ, որ իր որդիին «լաւագոյն պատմուճանը» (Ղուկաս 15. 22) բերեն եւ հագցնեն: Պատմուճանը ըստ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն, փրկութեան խորհրդանիշ է: Փրկութեան պատմուճանը կը ծածկէ մեղքին պատճառած մերկութիւնը: Ուրեմն, իր հոգեւոր տունը վերադարձող մարդը փրկութեան պատմուճա՛ն կը ստանայ:
Հայրը իր ծառաներուն կը պատուիրէ, որ իր որդիին ձեռքին մատանի՛ անցնեն (Ղուկաս 15. 22): Մատանին որդեգրութեան եւ իշխանութեան նշան է: Անառակ որդին իր որդի ըլլալը մոռնալով, կ’ուզէր իր հօրը  ծառան դառնալ, մինչ Հայրը զինք իբրեւ որդի՛ կ’ընդունի: Անառակ որդին ինքզինք իր նախկին իշխանութենէն՝ դիրքէն ինկած կը կարծէր, մինչ հայրը զինք անմիջապէս իր նախկին փառքին՝ իշխանութեան կը վերադարձնէ: Ուրեմն, իր հոգեւոր տունը վերադարձող մարդը Աստուծոյ որդի՛ն կը դառնայ եւ կը տիրանայ իր նախկին փառքին:
Հայրը իր ծառաներուն կը պատուիրէ, որ իր որդիին կօշի՛կ տան (Ղուկաս 15. 22): Ըստ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին, կօշիկը խորհրդանիշ է նո՛ր կեանքի եւ նո՛ր ճամբայի: Այլ խօսքով՝ կօշիկը խորհրդանիշ է նո՛ր առիթի: Ուրեմն, իր հոգեւոր տունը վերադարձող մարդը նոր կեանքի առի՛թ կը ստանայ:
Սիրելի հաւատացեալ-ընթերցող, քու եւ իմ կեանքին մէջ երբեմն կը պատահին պահեր, ուր կամայ թէ ակամայ կը հեռանանք մեր տունէն՝ Աստուծմէ: Այս մէկը շատ պարզ ու բնական բան մըն է: Բայց անբնականը հո՛ն է, երբ մենք դարձեալ տուն՝ Աստուծոյ, չենք դառնար: Անառակ Որդին քեզի եւ ինծի նման կը կարծէր, թէ տուն վերադառնալով ծառայ պիտի դառնար, բայց ճիշդ հակառակը պատահեցաւ: Ան տուն դառնալով ստացաւ ներում, փրկութիւն, որդեգրութիւն, իշխանութիւն եւ նոր կեանքի առիթ: Մեծ Պահոց այս շրջանին, եկո՛ւր դուն եւ ես միասին վերադառնանք տուն եւ ապրինք իբրեւ հարազատ տնեցիներ:
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան
Անթիլիաս, Լիբանան
Շաբաթ, 25 Փետրուար 2023