Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կը յիշուի, որ 1 Յունիսին Ատրպէյճան կոպտօրէն խախտած է զինադադարի դրութիւնը, այդ պատճառով ալ Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր մը նահատակուած է:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Սա կանխամտածուած սպանութեան նախորդած է արցախեան կողմի հասցէին մտացածին մեղադրանքներով ապատեղեկատուական արշաւը, իբրեւ թէ Արցախի կողմէ ատրպէյճանական բանակի դիրքերուն գնդակոծութեան արդիւնքով ատրպէյճանցի զինուոր մը սպանուած է:

Այդ առնչութեամբ անհրաժեշտ է յայտնել, որ Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը անմիջապէս արձագանգած է ապատեղեկատուութեան` վստահեցնելով, որ արցախեան կողմը անշեղօրէն կը պահպանէ կրակի դադարեցման դրութիւնը:

Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի այդ ապատեղեկատուական արշաւը նպատակ ունէր անհրաժեշտ տեղեկատուական խորապատկեր ստեղծել կրակի դադրեցման դրութեան հետագայ խախտումին համար: Երկու դրուագներն ալ նոյն շղթայի օղակներն են եւ կրնան վկայել կրակի դադրեցման դրութեան ամրապնդման ուղղուած իր պարտաւորութիւնները պահպանելու Ատրպէյճանի չկամութեան մասին:

Լարուածութեան աճ նախաձեռնելու ատրպէյճանական կողմին փորձը  անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ կրակի դադրեցման դրութիւնը վերահսկող միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը անյետաձգելի է: Անհրաժեշտ է վերջապէս իրականացնել 2016-ի Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնք, մասնաւորապէս, կ՛առնչուին կրակի դադրեցման դրութեան խախտումներու հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակին ընդլայնումին` անոր դիտարկման կարելիութիւնենրու ընդարձակման նպատակով»:

Ապա Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի զոհուած զինուոր Սիփան Մելքոնեանի հարազատներուն եւ մտերիմներուն: