Բոլորս տագնապի մէջ ենք։ Բոլորս անհաւատալի օրեր կ’ապրինք։ Չենք գիտեր, թէ 6 Փետրուար 2023-էն առաջ մեր թէկուզ դժուար կեանքն իսկ գեղեցիկ երա՞զ կը թուի մեզի այսօր, թէ անկէ վերջ մեր ապրած այս օրերը՝ վատ երազ։
Երկրաշարժի այսպիսի ցնցում չէինք ապրած։ Ապրեցանք…
Մեր բնակարանները, որոնք մեզի համար ամէնէն ապահով վայրերն էին, 2 վայրկեանի իսկ չհասնող ժամանակամիջոցի մը մէջ ճեղքրտուեցան, վնասուեցան։ Մեր հանգիստ անկողիններն ու ննջասենեակի հանգստութիւն ներշնչող պատերը ամէնէն սարսափազդու պատկերը կազմեցին երկրաշարժի պահերու մեր յիշողութեան մէջ։ Չենք ուզեր որ գիշերը իջնէ ու իր սեւ զգեստը տարածէ քաղաքին վրայ, որովհետեւ հազիւ արեւը մայր մտնէ, կրկին ցնցում մը ապրելու մեր սարսափը լուսինին հետ կը յայտնուի ու մեզ կը տանջէ մինչեւ լոյս։ Արշալոյսը իր հետ յոյսի եւ ապահովութեան հորիզոններ կը բանայ սակայն։
Այս բոլորը վերջ մը ունին, չէ՞։ Անկասկած… բայց վատագոյնը մեր այս ապրած սարսափը չէ պարզապէս, այլ այն, որ մարդիկ այնքան յոռետես դարձած են, որ մեր կոտտացող վէրքերը ալ աւելի կը բորբոքեցնեն։
Բնական է, որ մարդիկ իրենց մտահոգութիւնները բաժնեկցելով կը մեղմացնեն զանոնք, բայց երբեմն ալ իրենց յուսահատ տեսակէտներով շատերը անգիտակցաբար յուսալքութեան գիրկ կը փորձեն նետել։
Բացատրեմ միտքս մէկ օրինակով. ամէն անգամ, որ լսեմ ծանօթ մը մեր քաղաքացիներուն կամ երիտասարդութեան մասին կ’արտայայտուի ըսելով. «Կը մեղքնամ այս երիտասարդներուն, իրենց կեանքը չեն ապրիր, երիտասարդութիւնը չեն վայելեր», կ’ուզեմ բարձրաձայն պատասխանել. «Մի՛ մեղքնաք մեզի, քանի որ մենք քաջութիւն վաստկելով կը մեծնանք,  կեանքի տարբեր երեսները ճիշդ կ՛ըմբռնենք եւ ուժեղ կամքի տէր կը դառնանք պայքարելով դժուարութիւններուն դէմ։ Մեղքցէք այն երիտասարդներուն, որոնք իրենց այս տարիքը կ’ապրին բոլորովին հանգիստ պայմաններու մէջ, որովհետեւ չեն համտեսած իրենց սիրելիները կորսնցնելու, իրենց տուներէն հեռանալու, իրենց «հարստութիւնը»,- որ ձեւական ու ժամանակաւոր է իրականութեան մէջ,- կորսնցնելու վախը, հետեւաբար չեն ըմբռնած որ փոքր կամ մեծ դժուարութեան դէմ պէտք չէ հիասթափիլ կամ  յանձնուիլ անոնց»։
Երիտասարդ մեր սերունդը կը մեղադրէին ըսելով որ թոյլ ենք, իսկ հիմա այնքան տոկուն ենք, որ տակաւին ամէն օր կը ժպտինք։  Կ’ըսէին, թէ ոչ մէկ բանի արժէքը գիտենք, իսկ հիմա հանգիստ քունին իսկ արժէքին կը գիտակցինք։ Կ’ըսէին, թէ անհաւատ ենք, իսկ հիմա մեր միակ յոյսը Աստուած է։ Պատերազմը մեր սրտերը ամրացուց, սակայն համաճարակն ու երկրաշարժը չքարացուցին զանոնք։
Բոլորս վիրաւոր ենք այս օրերուն, երբեք պիտի չմոռնանք երկրաշարժի դաժան պահերն ու հետեւանքները, բայց վէրքերը կը սպիանան, իսկ անոնցմէ ծնած կեանքի օգտակար դասերը յոյսի, սիրոյ, մարդկայնութեան եւ աշխատանքի նոր հորիզոններ կը բանան մեր դիմաց։
Ուստի երիտասարդ մեր սերունդին ուղեցոյցը յուսահատներու խօսքերը պիտի չըլլան, այլ՝ մեր նպատակասլաց աշխատանքը, ուսումն ու ընկերական ամուր կապը։
Անի Պօղիկեան