ՎԱԽԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐ
Գիտէ՞ք, թէ ինչպէս կարելի է յաղթահարել ամէնօրեայ վախերն ու անհանգստութիւնները:
Դիմեցէ՛ք հետեւեալ քայլերուն։
Դադար առէ՛ք
Անկարելի է յստակ մտածել, երբ գրաւուած ես վախով կամ անհանգստութեամբ: Առաջին բանը, որ պէտք է ընել, հանգիստի ժամանակ յատկացնելն է, որպէսզի կրնաս ֆիզիքապէս հանգստանալ:
Շեղեցէ՛ք դուք զձեզ անհանգստութենէն 15 վայրկեան՝ շրջելով թաղին մէջ, բաժակ մը թէյ պատրաստելով կամ լոգանք ընդունելով:
Խօսեցէ՛ք վախին մասին
Վախերով կիսուիլը կը վերացնէ ենթակային վախը: Եթէ չէք կրնար խօսիլ զուգընկերոջ, ընկերոջ կամ ընտանիքի անդամին հետ, օգտուեցէք օգնութեան ծառայութիւններէն: Եթէ ձեր վախերը չեն անհետանար, կրնաք օգնութիւն խնդրել ձեր ընդհանուր բժիշկէն, որ իր հերթին կրնայ խորհուրդ տալ դիմելու աւելի մասնագիտացուած ծառայութեան:
Դիմացէ՛ք ձեր վախերուն
Վախերէն խուսափիլը միայն աւելի՛ կը սարսափեցնէ ենթական: Ինչ ալ որ ըլլայ ձեր վախը, եթէ առերեսուիք անոր հետ, այն կը սկսի մարիլ: Եթէ, օրինակ, օր մը վերելակ մտնելու ատեն խուճապի մատնուեցաք, աւելի լաւ է յաջորդ օրը նորէն նստիք վերելակ:
Շնչեցէ՛ք խուճապին ընդմէջէն
Եթէ ձեր սիրտի բաբախիւնը կը սկսի արագանալ կամ ափերը կը սկսին քրտնիլ, ամենալաւը անոր դէմ չպայքարիլն է:
Մնացէք այնտեղ, որտեղ կաք եւ պարզապէս զգացէք խուճապը՝ չփորձելով դուք զձեզ շեղել: Ձեռքին ափը դրէք ստամոքսին վրայ եւ շնչեցէք դանդաղ եւ խոր. նպատակն է օգնել ուղեղին ընտելանալու խուճապին դիմակայման, որ կ’օգնէ դուրս գալու վախի վախէն: Փորձեցէ՛ք այս շնչառական մեթոտը ճնշուածութեան այլ վիճակներու համար եւս:
Պատկերացուցէ՛ք երջանիկ վայր մը
Պահ մը գոցեցէ՛ք ձեր աչքերը եւ պատկերացուցէք ապահով եւ հանգիստ վայր մը: Ատիկա կրնայ ըլլալ գեղեցիկ լողափ մը, ուր դուք կը քալէք, կամ անկողին մը, ուր դուք հանգիստ պառկած էք, կամ մանկութեան ուրախ յիշողութիւն մը: Թող դրական զգացումները հանգստացնեն ձեզ, քանի դեռ աւելի հանգիստ չէք զգար:
Աղօթեցէ՛ք
Աղօթքը կամ Աստուածաշունչ, Նարեկ ընթերցելը կը հանգստացնեն ձեզ ու դրական լիցքերով կը հարստացնեն ձեր հոգին։ Ուստի կառչելով ձեր հաւատքին աղօթեցէք ու պիտի հանգստանաք։
Տրամաբանող եղէ՛ք
Ձեր վախերէն ձերբազատելու համար տրամաբանութեամբ վերլուծեցէք եղելութիւնները եւ մի՛ տարուիք մարդոց ենթադրութիւններով կամ  երեւակայութեամբ։  Մտածելն ու տրամաբանելը ճիշդ ուղղութեան կ’առաջնորդեն ձեզ։
Պարգեւատրեցէ՛ք դուք ձեզ
Ի վերջոյ, դուք զձեզ դրական տրամադրեցէք: Աւելին. ամրապնդեցէք որեւէ վախ յաղթահարելու ձեր յաջողութիւնը՝ հիւրասիրելով դուք զձեզ որեւէ հաճելի զբաղումով կամ  իրով՝ մերսումի ժամ մը, զբօսանք մը բնութեան մէջ, ընթրիք մը, գիրք մը կամ որեւէ փոքրիկ նուէր, որ ձեզ կ’ուրախացնէ: