Կիրակի, 5 Մարտ 2023-ին, յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս հիւրընկալեց Լիբանանէն ժամանած «Louvre d’Orient» հաստատութեան պատասխանատու պարոն Վինսընթը, որ աշխատանքային ծրագիրով այս օրերուն կը գտնուի Հալէպ, ապա պիտի մեկնի Լաթաքիա, իրազեկ դառնալու յետ երկրաշարժի տիրող իրավիճակին եւ հաստատութեան կողմէ ծառայութիւններ մատուցելու։

Սրբազան Հօր հետ ունեցած խորհրդակցական հանդիպումին, պարոն Վինսընթը անդրադարձաւ հաստատութեան աշխատանքային ծառայութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Թեմին օգտակար դառնալու։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինի ատենապետ տիար Յարութ Հայրապետեան։