Չորեքշաբթի, 1 Մարտին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. Արք. Սարգսեան իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Թեհրանի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութիւն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայ Դատն Այսօր» 14-րդ խորհրդաժողովին մասնակցելու նպատակով, Հայաստանէն Թեհրան ժամանած՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Բիւրոյի Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու՝ Կիրօ Մանոյեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեանը, ՀՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր՝ Աննա Գրիգորեանը, Քաղաքական Գիտութիւններու թեկնածու եւ ատրպէյճանագէտ՝ Անժելլա Էլիպեկովան, քաղաքագէտ՝ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեանն ու իրանագէտ՝ Ահարոն Վարդանեանը: Հիւրերուն կ’ընկերակցէին ազգային հասարակական գործիչ՝ Գառօ Յովհաննիսեան, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչ՝ Սեւան Դանիէլեան, «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Իսակ Իւնանէսեան եւ Հայ Դատի ենթայանձնախումբի անդամ՝ Ռայմոնտ Թորոսեան: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էին Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահուերդեան եւ պրն. Սեւան Մուսախանեան:

Սրբազան Հայրը ջերմօրէն ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակին եւ Իրան-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու կարեւորութեան նաեւ իրանահայ գաղութի իւրայատուկ երեւոյթներու մասին, մասնաւորելով յատկապէս Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի հետ իր կապուածութեան։

Սրբազան Հայրը որոշ տեղեկութիւններ յայտնեց նաեւ համայնքի եկեղեցական եւ ազգային կեանքին մասին:

Ազգային Առաջնորդարանի Հանրային կապ