Արցախի Հանրապետութեան նախագահի գլխաւորութեամբ հրաւիրուած է Անվտանգութեան Խորհուրդի ընդլայնուած նիստի։ Նախագահ Յարութիւնեան ցաւակցած է զոհուած երեք ոստիկաններու հարազատներուն.

Նախ, իմ եւ Հանրապետութեան իշխանութիւններու անունով խորին վշտակցութիւն կը յայտնում երեկուան ատրպէյճանական յարձակման զոհ դարձած երեք ոստիկաններու հարազատներուն: Անոնց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր բոլորիս սրտերուն մէջ։

Այսօր հրաւիրած եմ Անվտանգութեան խորհրդի ընդլայնված նիստ՝ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:

Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամներուն տեղեկացուցած եմ, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին միջոցով սոյն թուականի 24 Փետրուարին եւ 1 Մարտին ատրպէյճանական կողմի հետ մարդկային եւ ենթակառուցուածքային հարցերու շուրջ կազմակերպուած հանդիպումները արդիւնք չեն տուած։ Աւելին, անկէ վերջ ատրպէյճանական կողմը իր խողովակներով փոխանցած է մեզի, որ կամ պէտք է ընդունինք ճշդուած քաղաքականութիւնը, կամ առկայ հարցերուն որեւէ լուծում պիտի չըլլայ, հակառակը՝ պիտի ըլլան աւելի կոշտ եւ կտրուկ քայլեր:

Մենք չենք ընդունիր, չենք ընդունիր և այսօր կ’ուզեմ դարձեալ յայտարարել, որ միայն Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշում չէ, այլ մեր ժողովուրդի գերակշիռ մեծամասնութիւնը կ’ընդունի, որ մենք մեր անկախութեան իրաւունքէն, ինքնորոշման իրաւունքէն պիտի չշեղինք: