Սուրիոյ քաղաքային թռիչքներու հաստատութեան տնօրէն Պասեմ Մանսուր յայտնեց, որ «ICAQ» Քաղաքային Թռիչքներու Միջազգային Կազմակերպութեան Իսրայէլի դէմ բողոք ներկայացուեցաւ՝ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի հրթիռակոծման համար։

Մանսուր կոչ ուղղեց Իսրայէլը համապատասխան պատիժի ենթարկելու եւ օդակայանին կրած վնասներուն փոխհատուցում վճարել տալու անոր։