Թուրքիոյ նախագահին առընթեր անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ Չաղրը Էրհան «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան դէմ են, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Վլատիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպում կազմակերպէ:
«Անոնք (Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան, «Ա.») կ՛ուզեն կարելի եղածին չափ երկար պատերազմ, անոնք չեն մտածեր ուքրանացիներու ապագային մասին, չեն մտածեր խաղաղութեան մասին», ըսած է Էրհան:
Ան կը կարծէ, որ Էրտողան ի վիճակի է կազմակերպել այս հանդիպումը, եւ այս պարագային կարեւոր է ոչ թէ միացեալ լուսանկարը, այլ բանակցութիւններէն ետք որոշակի արդիւնքներու ձեռքբերումը:
Նախ եւ առաջ ըստ Էրհանի, կարեւոր է զինադադարի հասնիլը:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ըսած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ մէջ զինադադարին դէմ են եւ կը կարծեն, որ Ռուսիան զինուորական գործողութիւններու որեւէ դադար պիտի օգտագործէ ներուժ կուտակելու եւ հետագայ յարձակողական գործողութիւններ կատարելու համար: