Արդէն ամիս մը անցած է 6 Փետրուարին Սուրիոյ Հալէպ, Լաթաքիա, Իտլիպ եւ Համա քաղաքները ցնցած ահաւոր երկրաշարժէն։ Երկրաշարժէն օրեր անց այս նահանգներու վնասուած քաղաքները յայտարարուեցան աղէտեալ քաղաքներ։

Պետական պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, զոհերուն թիւը հասաւ 1414-ի, վիրաւորներունը՝ աւելի քան 5000-ի։Եթէ նկատի ունենանք նաեւ Սուրիոյ պետութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջանները, զոհերուն թիւը կ’անցնի 5000-ը։ Պետական տուեալներուն համաձայն, երկրաշարժէն վնասուած ընտանիքներուն թիւը հասաւ 91.794-ի, իսկ քաղաքացիներունը ընդհ. առմամբ՝ 414.304-ի։ Փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է 1553 վերապրող, 6 անհետ կորած։ Փլուզուած է 292 շէնք, անբնակելի կամ անապահով յայտարարուած է 4444 շէնք։ Հիմքերու վերանորոգութեան կարիք ունեցող 29.751 շէնք արձանագրուած է, իսկ նորոգութեան կարիք ունեցող, սակայն բնակելի՝ 30.113 շէնք։

Բնակարաններու ստուգման գործողութիւնը կը շարունակուի, իսկ երկրաշարժէն տուժածներուն համար կեցութեան նոր կեդրոններ կը հաստատուին։

Սուրիան տարիներէ ի վեր կը գտնուէր տնտեսական պատժամիջոցներու ազդեցութեան տակ, ինչ որ առաջին օրերուն դժուարացուց այլատեսակ օժանակութիւններու հասանելիութիւնը։ Բարեբախտաբար տարբեր երկիրներու կոչին լոյսին տակ Սուրիոյ դէմ ԱՄՆ-ի եւ արեւմտեան երկիրներու կարգ մը պատժամիջոցներ վեց ամսուան համար չեղեալ համարուեցան, ինչ որ նպաստեց տարբեր կողմերէ բժշկական եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան։

Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հայ համայնքները եւս մեծապէս տուժեցին այս երկրաշարժէն։ Հալէպի հայ համայնքին մէջ արձանագրուեցան երկու զոհ եւ տասնեակ մը վիրաւոր։ Բնակարանները եւ ազգային-կրթական-եկեղեցական կառոյցները լուրջ վնասներ կրեցին։ Հալէպահայ միութիւնները, յարանուանութիւններն ու կազմակերպութիւնները փութացին ժողովուրդին օգնութեան։

Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային իշխանութիւնն ու մարմինները, մեր ուղեկից միութիւններն ու երիտասարդները եւս լծուեցան ժողովուրդին օժանդակութեան ծառայողական աշխատանքին։

Այս բոլոր դժուարութիւնները հարկ էր դիմագրաւել Սուրիոյ յետպատերազմեան եւ տնտեսական պատիժներու ծանր իրավիճակին լոյսին տակ։

Այդուամենայնիւ ծառայողական աշխատանքը ընթացք առաւ։
Բերիոյ Թեմի Նպաստից Մարմինը արդէն իսկ պատերազմի տարիներէն ի վեր լծուած էր ժողովուրդի օժանդակութեան աշխատանքին։ Երկրաշարժէն ետք եւս, մարմնին գործակցութիւնը ոչ-կառավարական, եկեղեցական կազմակերպութիւններու հետ շարունակուեցաւ ու տարբեր օժանդակութիւններ յատկացուեցան մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նիւթական, սննդակողովներու, վերարկուներու, նորածիններու կաթի եւ խնամքի անհրաժեշտ պիտոյքներու բաշխում, ակումբներուն եւ եկեղեցիներուն մէջ ապաստանողներուն ծածկոցներու, սնունդի յատկացում։ Ընկերային ծառայութեան խորհուրդը եւս սննդակողովներ եւ դեղորայք յատկացուց ժողովուրդին, իսկ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը սնունդ, դեղորայք, բժշկական ծառայութիւն եւ նիւթական օժանդակութիւն յատկացուց մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Այս բոլորը տեղի ունեցան յաճախ կարիքներու առաջնահերթութիւնները նկատի ունենալով։

Մեր ակումբներն ու եկեղեցիները դարձան ապաստանեալ ժողովուրդին համար ապահով վայրեր երկրաշարժի առաջին օրէն մինչեւ այսօր, նկատի ունենալով յետցնցումներու շարունակութիւնը։

Բնակարաններու նորոգութեան համար Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական արտակարգ ժողովին որոշումով յառաջացաւ երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին մը, որ երեք մասնագիտական յանձնախումբերով նախ ցանկագրեց, ապա մասնագէտ երկրաչափներ գործուղեց վնասուած հայորդիներու բնակարաններու ստուգման համար եւ նորոգութեան համապատասխան թղթածրարներ պատրաստեց։

Հետագային կազմուեցաւ Հալէպի քրիստոնեայ համայնքներու միջեկեղեցական խորհուրդ մը, որուն մաս կազմեցին Հալէպի հայ եւ քրիստոնեայ-արաբ տասնմէկ համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ։

Այս խորհուրդին վստահուեցաւ եկեղեցական եւ ոչ-կառավարական միջազգային կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ վնասուած բնակարաններու նորոգութեան եւ անօթեւաններու համար ժամանակաւոր բնակարաններու վարձակալման նպաստելու աշխատանքը։

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց աղէտեալ Հալէպ քաղաք, հանդիպեցաւ ժողովուրդին եւ թեմի ազգային մարմիններուն, մամլոյ ասուլիսով կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան չեղեալ համարելու Սուրիոյ դէմ սահմանուած բոլոր պատժամիջոցները, իսկ սուրիահայութեան իր պատգամը ուղղելով ըսաւ, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բոլոր թեմերով, միաբաններով եւ մարմիններով զօրավիգ պիտի կանգնի սուրիահայութեան։ Արդէն իսկ կաթողիկոսութեան տարբեր թեմերէ ներս սկսած են նուիրահաւաքի աշխատանքներ։

Այս իմաստով նկատառելի աշխատանք կը տանի նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. Վարչութիւնը, որ զօրաշարժի ենթարկած է իր բոլոր մասնաճիւղերը եւ կազմակերպած է նուիրահաւաք ու արդէն իսկ իր օժանդակութիւնները սկսած է առաքել ե՛ւ սուրիահայ համայնքին, ե՛ւ Սուրիոյ ժողովուրդին։

Այս ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս անմիջապէս փութաց Սուրիոյ օժանդակութեան եւ երկու անգամով մարդասիրական օժանդակութիւն, ապա նաեւ որոնողափրկարարական խումբ ուղարկեց Սուրիոյ ժողովուրդին օժանդակելու։

Սուրիոյ Դամասկոս եւ Հալէպ քաղաքներ այցելեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Հալէպի նահանգապետին հետ։

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը եւս նիւթական օժանդակութիւն յատկացուց հայկական դպրոցներու կրթական մշակներուն եւ վնասուած կրթական կառոյցներու վերանորոգութեան համար։

Վերջերս Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը յայտարարեց նաեւ մարդահամարի իր աշխատանքին մասին՝ յառաջիկայ ծրագիրներու կարգաւորման եւ ժողովուրդի տարբեր կարիքներու բաւարարման համար։

Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու տարած նուիրական աշխատանքին զօրակցութիւնը համայն հայութեան կողմէ, բնականաբար, պիտի նպաստէ աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքներու յաղթահարման եւ աւելի քան տասնամեակ մը պատերազմի հետեւանքները դիմագրաւող սուրիահայութեան վերականգնումին։

Ամէն ժամանակներէ աւելի՝ աղէտաբեր երկրաշարժին յաջորդող այս օրերուն, համայն հայութեան զօրակցութիւնը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ յատկապէս սուրիահայութեան գոյերթի պահպանման վրայ։