6 Փետրուար 2023, ժամը 4։17, ժամացոյցին սլաքը Սուրիոյ ժողովուրդին քով կանգ առաւ ու ժամանակը շատ դժուարութեամբ իր քայլերը առնել սկսաւ։ Պատերազմէ անցած ժողովուրդին մօտ այս ցնցումը յառաջացուց նոր վախ մը, ինչպէս կը պատմէ երկու զաւկի մայր եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի դաստիարակ Նայիրի Զագոյեան։
Ան երկրաշարժի առաջին վայրկեանները նկարագրելով կ’ըսէ.
«Սկիզբը չգիտցանք ինչ պատահեցաւ։ Երկրորդը անմիջապէս քանի մը երկվայրկեան ետք եղաւ։ Իւրաքանչիւրը իր փոքրիկը շալկած շէնքէն դուրս գալ կը ջանար:
Չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ կը սպասէր մեզի, բոլորին նման շուարած, չէինք գիտեր, թէ ո՛ւր պիտի երթանք, ի՛նչ պիտի ընենք։ Չէինք գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ քայլը, արդեօ՞ք ողջ պիտի մնանք, թէ մեր կեանքի վերջին վայրկեանները կ’ապրինք: Դժուար է նկարագրել այդ վիճակը. տեղատարափ անձրեւ էր, կարծէք կեանքի դռները փակ էին մեր դիմաց:
Փառք Աստուծոյ, քանի մը երկվայրկեան վերջ գետինը հանդարտեցաւ։ Նոյն վայրկեաններուն ակումբները, եկեղեցիները եւ Քարէն Եփփէ ճեմարանը բացին իրենց դռները՝ ընդունելու բոլորը անխտիր: Այստեղ ապահով կը զգանք, շրջափակը մեծ է, սրահը նոյնպէս: Միասին ըլլալը կը դիւրացնէ մեր վիճակը, բոլորս կը ջանանք զիրար մխիթարել ու լաւ տրամադրութիւն հաղորդել իրարու: Մեր դպրոցը, մեր երկորդ տունն էր արդէն, հիմա իսկական տուն, ապաստարան դարձաւ բոլորիս համար»։
Շրջափակին մէջ կանգնած հանրակառքերը եւս լեցուն էին ապաստանեալներով: Հայ եւ տեղացի արաբ ապաստանեալներով լեցուն էր նաեւ Ճեմարանի «Զարեհեան» գրադարանը: Երբ հարց տուինք, թէ ինչպէ՞ս է մթնոլորտը այնտեղ, ակումբի մեր տղաքը պատասխանեցին.
«Ժողովուրդը առաջին երկու օրերը շատ մտահոգ եւ վախցած էր, բայց կամաց-կամաց արդէն կը փարատին այդ զգացումները: Ժողովուրդին ամէն տեսակ օգնութիւն կը փորձենք հայթայթել այս դժուար պայմաններուն մէջ: Ամէնէն դժուարը փոքրերուն վիճակն է, որորվհետեւ ամէնէն խոցելին են ու բաւական դժուարութիւններու կը մատնուին իրենց առօրեայէն դուրս գալով: Անոնք այնքան ուրախացան, երբ Ճեմարանէն ներս իրենց յատուկ յայտագիր մը հրամցուեցաւ: Խաղալիքը առնողը մօր քով վազեց՝ իր ուրախութիւնը արտայայտելու»։
Այս օրերուն շնորհակալ գործ տարին հալէպահայ միութիւններն ու եկեղեցիները, կազմակերպ աշխատանքով անոնք ոչ միայն ապաստան տուին ժողովուրդին, այլեւ ամէն ջանք ի գործ դրին համայնքի զաւակներու բնակարաններու նորոգութեան նպաստելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ հայթայթելու:
Կիթառ Աւընեան