Երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ անոնց յաղթահարման համար տարուող աշխատանքներուն մօտէն հետեւելու համար, Ուրբաթ, 10 Մարտ 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան հովուական այցելութիւն տուաւ ծովափնեայ շրջան, ընկերակցութեամբ՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ մեթր Սունպուլ Սունպուլեանի եւ ազգային Վրէժ Եագուպեանի։

Սրբազան Հայրը նախ այցելեց Լաթաքիա եւ հանդիպում ունեցաւ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեանի եւ Թաղականութեան անդամներու, Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի Հոգաբարձութեան, Տնօրէնութեան եւ Պատկան Մարմինին հետ։ Ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած նիւթական վնասներով, իրազեկ դարձաւ երկրաշարժի հետեւանքներու դիմագրաւման համար տարուող աշխատանքներով, գօտեպնդեց, աղօթեց, ուժ եւ կորով մաղթեց ազգայիններուն՝ ծառայելու համար ժողովուրդին։ Ապա, սրբազան հայրն ու ազգայինները հանդիպեցան Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի աշակերտութեան հետ, հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան ներկայութեամբ։ Սրբազան Հայրը խրախուսեց աշակերտները՝ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ շարունակելու ուսումնական իրենց կեանքը։

Այնուհետեւ, սրբազան հայրն ու ազգայինները ուղղուեցան դէպի Քեսապ, ուր այցելեցին Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան եւ ջերմապէս դիմաւորուեցան Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգշ. Տէր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, Քեսապի Թաղականութեան ատենապետ տիար Վիգէն Լնդեանի եւ Թաղականութեան անդամներու, Պատկան Մարմինի, Ճեմարանի Հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով խրախուսեց աշակերտները, անոնց պատուիրելով, որ չվախնան երկրաշարժէն, իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն եւ աշխոյժութեամբ իրենց ուսումնական կեանքը շարունակեն։ Աշակերտները կենսունակութեամբ երգ մը եւ Սուրիական Հայրենիքի քայլերգը երգեցին, որմէ ետք Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիպումը փակուեցաւ։ Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ շրջեցաւ մանկապարտէզի դասարանները, ապա տնօրէնութեան սենեակէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ճեմարանի պատասխանատուներուն հետ, ուր մօտէն ծանօթացաւ Ճեմարանի պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ գօտեպնդեց Ճեմարանի պատասխանատուները՝ լաւատեսութեամբ շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը։ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան ատենապետը Սրբազան Հօր նուիրեց «Հարիւրամեակ՝ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան Եւ Նոյնանուն Երկրորդական Վարժարանին» եւ Հայկազ Թրթռեանի հեղինակած «Քեսապի Պզտիկ Հանրապետութիւնը» գիրքերը։ Հանդիպումի աւարտին կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ, երկրաշարժի աղէտէն ապահով դուրս գալու առիթով։
Անկէ ետք, ներկաները ուղղուեցան դէպի Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր հայր սուրբին եւ թաղականութեան կողմէ Սրբազան Հօր ցոյց տրուեցան երկրաշարժին հետեւանքով եկեղեցւոյ կառոյցին կրած տարբեր վնասները եւ բացատրութիւններ տրուեցան։ Ապա, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Սահակեան» սրահ, ուր երկրաշարժէն ետք տեղի կ՚ունենան եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւնները։

Ապա, Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ մեկնեցաւ Արամօ գիւղ, ուր այցելեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցի, որ երկրաշարժէն վնասուած է։ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ տեղւոյն պատասխանատուներուն եւ համայնքի զաւակներուն կողմէ եւ բացատրութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ վնասներուն մասին՝ ճարտարապետ Աբրահամ Ճապպուրի կողմէ։ Մակար Սրբազան խրախուսեց ժողովուրդը եւ աղօթեց՝ հայցելով Ամենակալին պահպանութիւնը։ Ապա ան մեկնեցաւ Արամոյի Ս. Գէորգ պատմական մատուռ, ինչպէս նաեւ փուլ եկած Ս. Աստուածածին ուխտատեղի։

Սրբազան Հօր հովուական այցելութիւնը եզրափակուեցաւ Ղնեմիէ այցելութեամբ։ Տէր Մակար այցելեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Թաղականութեան ատենապետ Վահէ Արիճանի եւ տեղւոյն ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Հայրը գօտեպնդեց եւ քաջալերեց հաւատացեալները եւ «Տէրունական աղօթք»-ի արտասանութեամբ անվտանգ օրեր մաղթեց անոնց։
Արամօ եւ Ղնեմիէ այցելութիւններուն Սրբազան Հօր միացաւ Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան։