ՄԻՏՔ-ԱՌՈՂՋՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ
Շատ սերտ է յարաբերութիւնը, որ գոյութիւն ունի միտքին եւ մարմինին միջեւ: Երբ մէկը բանէ մը ազդուած է, միւսն ալ կ’ազդուի: Միտքին վիճակը կ’ազդէ առողջութեան վրայ մեր ըմբռնածէն շատ աւելի մեծ տարողութեան: Հիւանդութիւններէն շատերը, որոնցմէ մարդիկ կը տառապին, հետեւանք են մտային ընկճման:
Երբեմն հիւանդութիւնը յառաջ կու գայ, եւ յաճախ մեծապէս կը զարգանայ երեւակայութեամբ: Շատերը ցկեանս անկար են, սակայն կրնային լաւ ըլլալ եթէ դրական ըլլային: Շատեր կ’երեւակայեն թէ ցուրտի ամէն թեթեւ ենթարկում պատճառ պիտի ըլլայ հիւանդութեան, եւ չար արդիւնքը յառաջ կու գայ, որովհետեւ ակնկալուած է:
Քաջութիւն, յոյս, հաւատք, համակրանք, սէր եւ առողջութիւն կեանք կ’երկարեն: Գոհունակ միտք մը ու զուարթ տրամադրութիւն մը առողջութիւն է մարմնին եւ զօրութիւն հոգիին: «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է» (Առակաց 17:22):
Հիւանդին դարմանման մէջ մտային ազդեցութիւնը պէտք չէ անտեսել: Այս ազդեցութիւնը, երբ ճշգրիտ գործածուի, կը հայթայթէ հիւանդութեան դէմ դնելու ամենաարդիւնաւոր ազդակներէն մին:
Համակրանք եւ փափկանկատութիւն յաճախ աւելի մեծ օգտակարութիւն կ’ունենան հիւանդին, քան ամենաճարտար դարմանում մը, որ կը տրուի պաղ եւ անտարբեր կերպով մը:
Շատեր, վախնալով որ եթէ ճշմարտութիւնը յայտարարուի հիւանդը պիտի յուզուի կամ վհատի, ապաքինման սին յոյսեր կու տան, եւ նոյնիսկ կը թողուն որ հիւանդը գերեզման մտնէ առանց զանիկա զգուշացնելու իր վտանգէն: Այս բոլորը անմտութիւն է: Ճիշդ է որ միշտ կարելի չէ հիւանդին բացատրել իր վիճակին ծանրութեան իրական աստիճանը: Ասիկա կրնայ վրդովեցնել զինք ու յապաղեցնել ու նոյնիսկ արգիլել դարմանումը: Ոչ ալ կարելի է բոլոր ճշմարտութիւնը ըսել անոնց, որոնց հիւանդութիւնը մեծ մասամբ երեւակայական է: Այդուհանդերձ պէտք չէ խաբել հիւանդը, այլ հարկ է բացատրել անոր հիւանդութիւնն ու բուժման  մանրամասնութիւնները փուլ առ փուլ, առողջ ու տագնապէ զերծ պահելով անոր միտքը։
Կամքի ուժը մեծ դեր ունի դժուարութիւններու յաղթահարման մէջ։ Եթէ կամքը արթուն եւ լաւ ուղղութեան մէջ պահուի, կորով պիտի ընծայէ ամբողջ էութեան եւ հրաշալի օգնութիւն մը պիտի ըլլայ առողջութեան պահպանման մէջ: Ան ուժ մըն է նաեւ որ գործ ունի հիւանդութեան հետ: