6 Մարտին Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպ ընդունած է ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեանն ու ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Կարօ Կարապետը:

Հանդիպումի ընթացքին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները մանրամասնած են Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան նկատմամբ ատրպէյճանական կողմէն իրականացուող ցեղային զտումներու քաղաքականութիւնը եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը՝ դադրեցնելու այս խիստ ապակառուցողական եւ ապակայունացնող քաղաքականութիւնը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները ընդգծած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի հետ կապող Լաչինի միջանցքի շրջափակման անյապաղ բացումի անհրաժեշտութիւնը։ 9 Նոյեմբեր 2020_ի հրադադարի մասին համաձայնագիրով Ատրպէյճանը պարտաւորուած է Լաչինի միջանցքով ապահովել մարդոց եւ ապրանքներու ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով։

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները ընդգծած են նաեւ Ատրպէյճանի կողմէն անօրինական գերութեան մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներուն անյապաղօրէն ազատ արձակելու անհրաժեշտութիւնը։

Որպէս եւրոպական քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն, որ ունի յանձնախումբ նաեւ Պելճիքայի մէջ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը՝ ամէն ջանք գործադրել նպաստելու Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ կապերու ամրապնդումին:

Հանդիպումը անցած է ջերմ հիւրընկալ միջավայրի մէջ, ձեռք բերուած է հետագայ գործակցութեան համաձայնութիւն։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
11 Մարտ 2023