Սուրիա ողջունեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերսկսելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի համաձայնութիւնը՝ դիտել տալով որ այս քայլը պիտի նպաստէ տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ ապահովութեան։
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը 10 Մարտին հրապարակած իր հաղորդագրութեամբ բարձր գնահատեց Չինաստանի ղեկավարութեան միջնորդութիւնը այս առումով, աւելցնելով որ յարաբերութիւններու նման աշխուժացում իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ նաեւ արաբական երկիրներու յարաբերութեան վրայ եւս։