Չորեքշաբթի, 1 Մարտ 2023-ի կէսօրին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Կլէնտէյլի “Legacy Banquet Hall”-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած Մեծ Պահոց Սիրոյ սեղանը, հիւրընկալութեամբ Տիկին Փերուզ Գոնիալեանի, ներկայութեամբ Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեանի, Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներու, բարերարներու եւ հիւրերու:

Տիկնանց Օժանդակ մարմինի անունով ճաշկերոյթին բացումը կատարեց Տիկին Ալվարդ Բարսեղեան, ապա հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանն ու իրեն ընկերակցող Հոգեւորականները օրհնելու սեղանները: Շարականներու եւ աղօթքներու մատուցմամբ Առաջնորդ Սրբազանն ու Հոգեւոր հայրերը օրհնեցին ներկաներն ու սեղանները եւ աստուածային ներկայութեամբ լեցուցին պահը՝ առողջութիւն եւ կեանքի ապահովութիւն մաղթելով աշխարհին ու հայութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ գաղութներու աղէտահար հայորդիներուն:

Ճաշի դադարէն ետք, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան արտասանեց իր սրտին խօսքը եւ ընդգծեց Մեծ Պահոց խորհուրդը՝ դիտել տալով, որ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի ժամանակաշրջանը նաեւ կ’արժեւորուի մարդասիրական առաքելութեամբ, ապա խօսք առաւ գիտաշխատող եւ դասախօս Դոկտ. Վերժին Մատէնլեան, որ անդրադարձաւ Հայ Ոսկրածուծի հիմնարկի կատարած աշխատանքներուն մասին եւ տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ:

Յետ դասախօսութեան բեմ հրաւիրուեցան Առաջնորդ Սրբազանն ու օրուան հիւրընկալը՝ Տիկին Գոնիալեան: Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան դրուատեց Տիկին Փերուզի դրական վերաբերումը Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն, գնահատեց անոր ազնուութիւնն ու ցուցաբերած մարդասիրութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը հայրական իր խօսքին ճամբով վերանորոգեց Ազգ. Առաջնորդարանի ժողովրդանուէր առաքելութիւնը ազգի զաւակներուն ու հայրենիքին նկատմամբ՝ նշելով, որ Մեծ Պահոց Սիրոյ այս սեղանը նաեւ կոչուած է սէրը շատցնելու ոչ միայն իրարու, այլեւ հեռաւոր գաղութներու նկատմամբ: Այնուհետեւ բարձր գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը, որ յանձնառութիւնը ունեցաւ Սիրոյ սեղանէն հաւաքուած ողջ գումարը տրամադրելու կարիքաւոր քոյր-եղբայրներուն ի Սուրիա:

Հուսկ, կազմակերպիչ մարմինի անունով Առաջնորդ Սրբազանը օրուան հիւրընկալ Տիկինը պատուեց յատուկ յուշատախտակով, իսկ Տիկնանց Օժանդակ մարմինը գունագեղ ծաղկեփունջ մը նուիրեց անոր:

Յայտնենք, որ ճաշկերոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Քաղուած՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի դիմատետրի էջէն։